Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին հետ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է Իսրայէլին արտօնէ կռիւը շարունակել:
Նեթանիահու նշեց, թէ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է այն առաջարկին, որ «պատանդներուն տունդարձը կ՛արտօնէ առանց հրաժարելու պատերազմի նպատակներէն, զորս պէտք է գործադրել», եւ, ըստ անոր, հազարաւոր զինեալներու հիւսիսային Կազա վերադարձը չի կրնար համաձայնութեան մաս կազմել:
Նեթանիահու նաեւ պնդեց, թէ գերիներու փոխանակման որեւէ գործարք «պէտք չէ Եգիպտոսի սահմանէն «Համաս»ի զէնքի մաքսանենգումը արտօնէ»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ, մեկնաբանելով Նեթանիահուի յայտարարութիւնը՝ հարցուց. «Այս գրգռիչ յայտարարութիւնները ի՞նչ օգուտ ունին, երբ մենք կը գտնուինք բանակցութիւններու նուրբ պահու մը մէջ, որմէ կախեալ են գերիներու կեանքերը»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի ապահովական եւ քաղաքական պաշտօնատարներ «ապշեցան», երբ լսեցին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը, որուն հրապարակման ժամկէտը նկատեցին խնդրայարոյց:
Զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ Նեթանիահու նշեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց «որոշուած քննարկումներուն արժէքը եւ կարեւորութիւնը նուազեցնելու համար»` աւելցնելով, որ Նեթանիահուի վարմունքը «անպատշաճ էր եւ կը վնասէ գերիներու վերադարձի առիթներուն»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ Ուրբաթ օր հաղորդած էին, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` «Մոսատ»ի, ղեկավար Տաւիտ Պարնէայի Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ունեցած բանակցութիւնները «դրական էին` յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար»:
Ամերիկեան եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ եւս հաղորդեցին, որ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզ պիտի միանայ Տոհայի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11րդ կայանը հաղորդեց, որ Պըրնզ այսօր կը հասնի Գահիրէ` բանակցութիւնները յառաջ մղելու ամերիկեան ջանքերուն ծիրին մէջ: Կայանը հաւանական նկատեց, որ Իսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պար մասնակցի այդ բանակցութիւններուն: Աւելի՛ն, իսրայէլեան պատուիրակութենէն պաշտօնատարներ Երեքշաբթի օր բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին Գահիրէի մէջ, իսկ Չորեքշաբթի օր` Տոհայի մէջ:
Մանրամասնութիւններէն տեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11րդ կայանին յայտնեցին, թէ Չորեքշաբթի օր Տոհայի մէջ պիտի գումարուի քառակողմ ժողով մը` մասնակցութեամբ «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէնին, Քաթարի վարչապետին, «Մոսատ»ի ղեկավարին եւ Եգիպտոսի հետախուզութեան սպասարկութեան ղեկավարին:
«Համաս»ի ղեկավար մը Կիրակի օր «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ շարժումը, միջնորդներէն երաշխիքներ ստանալէ ետք՝ համաձայն գտնուած է գերիներու հարցին շուրջ բանակցութիւններու սկսելու` «առանց մնայուն զինադադարի հաստատման իսրայէլեան խոստումի»:
«ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅԱՑՈՒՄԸ ՄԵԶԻ ՉԻ ՊԱՐՏԱՒՈՐԵՑՆԵՐ «ՀԸԶՊԱԼԼԱՅ»Ի ՀԵՏ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ». ԿԱԼԱՆԹ
«Եթէ առեւանգուածներու վերադարձին լուծում մը գոյացնենք, այդ մէկը մեզի չստիպեր «Հըզպալլա»ի հետ զինադադար հաստատել: Մենք աշխատանք կը տանինք նուազեցնելու թշնամիին գործելու կարողութիւնները, եւ բոլոր ճակատներուն վրայ այդ է, որ կը կատարենք», շեշտեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի 450 անդամներ սպաննեցինք, եւ այդ մէկը շատ կարեւոր է, ինչպէս նաեւ «Հըզպալլա»ի զօրամասերու 15 հրամանատարներ եւ զօրախումբերու 3 հրամանատարներ սպաննեցինք», պնդեց Կալանթ՝ աւելցնելով. «Մեր թշնամին, ըլլա՛յ անիկա Կազայի կամ Լիբանանի մէջ, միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ, եւ պէտք է շարունակենք Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմաններուն վրայ պատրաստութիւնները»: