Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ կրնայ որեւէ պահու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հրաւիրել Թուրքիա` նշելով, որ ինք կը յուսայ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց նախկին վիճակին:
Էրտողան Պերլինէն իր վերադարձին, օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտնեց, որ իր երկիրը կը սպասէ, որ նախագահ Ասատ իրեն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլ մը առնէ, որպէսզի «պատշաճ կերպով» փոխադարձէ:
«Ներկայիս հասանք փուլի մը, ուր նախագահ Ասատի կողմէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման քայլ առնելէն անմիջապէս ետք, պիտի նախաձեռնենք պատշաճ կերպով փոխադարձելու», ըսաւ ան:՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ նախագահին հրաւէր պիտի ուղղենք, եւ այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ պահու, եւ կը յուսանք Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց նախկին իրավիճակին»: