Վրաստանը տակնուվրայ ըրած եւ հակառակ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի վեթոյին՝ հակաարեւմտեան նկատուող «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքին (ծանօթ նաեւ «Օտար գործակալներու մասին օրէնք» անունով)՝ կառավարութեան կողմէ որդեգրումէն ետք, չուշացաւ Եւրոպական Միութեան խիստ հակազդեցութիւնը։
Արդարեւ, Վրաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւէլ Հերչինսքի 9 Յուլիսին յայտարարեց, թէ խնդրայարոյց օրէնքին պատճառով կասեցուած է Վրաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը։ Ան ըսաւ, թէ միայն Վրաստանէն եւ վրացիներէն կախեալ է, թէ որքան արագ երկիրը կը դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ։
Նոյն առիթով ան նաեւ հաղորդեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պիտի սառեցնէ Վրաստանի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար նախատեսուած 30 միլիոն եուրոյի տրամադրումը։