Ըստ Ատրպէյճանի Ընկերային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կողմէ Յունիսին կատարուած հարցախոյզին արդիւնքներուն՝ ատրպէյճանցիներուն 83.8 տոկոսը համաձայն է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու գաղափարին, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը։
Հայաստանի հոտ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու մասին հարցումին բացասական պատասխան տուած են մասնակցողներուն 13.5 տոկոսը, իսկ մնացեալը՝ չէ պատասխանած։
Հարցախոյզին մասնակցած են Ատրպէյճանի բոլոր շրջաններէն 1152 քաղաքացիներ: Միայն Նախիջեւանի քաղաքացիներ չեն մասնակցած անոր։