Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրուեցան Լոնտոնի մէջ 18 Յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի չորրորդ վեհաժողովին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Յուլիսին մեկնեցաւ Լոնտոն։
Ըստ կառավարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են շարք մը միջազգային գործընկերներու հետ հանդիպումներ ։
Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու` Իլհամ Ալիեւ եւս պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին: Ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան՝ ոչ-պաշտօնական հանգամանքով, վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հանդիպում:
17 Յուլիսին, Փաշինեանի որոշումով, Լոնտոն կը մեկնի նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: Այս այցելութեան նպատակին կամ Գրիգորեանի՝ նշեալ վեհաժողովին մասնակցելուն մասին տուեալներ չկան։