
Կիրանցի նոր գծուած սահմանին վրայ, 17 Յուլիսին դիմակաւոր ատրպէյճանցի զինուորներ չեն երեւցած: Տարածքին մէջ առանց դիմակներու սահմանապահներ կը շրջէին։
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ 17 Յուլիսի առաւօտուն, հակառակ կողմը անցուդարձեր չէին երեւեր. օրուան երկրորդ կիսուն,արդէն միաժամանակ շինարարական սարքեր կ՛աշխատէին՝ թէ՛ պատին այս, եւ թէ այն կողմը:
Տեղացիները կ՛ըսեն, որ նախորդ երկու օրերուն պատէն միւս կողմ` Կիրանցի` արդէն Ատրպէյճանին անցած կամուրջին վրայ, ատրպէյճանցի սահմանապահներ եւ ականազերծողներ տեսած են, թէ ինչպէ՛ս նկարահանող սարքերով եկած ու նկարահանումներ կատարած են հոն եւ հեռացած։
Երկու ամիս առաջ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ 24 Մայիսէն սկսեալ, Բերքաբերի, Ոսկեպարի եւ Բաղանիսի` Ատրպէյճանի հետ սահմանակից հատուածներուն մէջ, սահմանապահ զօրքեր կը տեղակայուին, եւ որ «Կիրանց բնակավայրի 5.8 կմ. հատուածի պահպանութիւնը մինչեւ 2024 թուականի Յուլիսի 24ը կ՛իրականացուի անցումային սխեմայով (ուրուագիծով)»:


Տակաւին չկան պաշտօնական յայտարարութիւններ այն մասին, որ արդեօք այդ անցումային ուրուագիծով պահպանութիւնը Կիրանցի մէջ աւարտա՞ծ է, արդեօք անիկա նոյն ձեւով տեղի պիտի ունենա՞յ, ինչպէս Տաւուշի սահմանազատուած միւս հատուածներուն մէջ, բայց նախկին ճամբան հատող քարէ պարիսպը արդէն կառուցուած է: «Ազատութեան» նկարահանման պահուն այնտեղ կը գտնուէին նոր ճամբան կառուցող շինարարներ։
Շինարարական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալբերտ Բեզոյեան ըսաւ, որ մինչեւ այս ամսուան աւարտը կուպրապատ ճամբան պատրաստ պիտի ըլլայ: Աճարկուտ գիւղով անցնող շրջանցիկ ճամբուն փոխարէն միջպետականը արդէն նոր կառուցուող հատուածով պիտի անցնի:
Նորակառոյց դպրոցին դիմաց աղիւսէ պատ կայ արդէն, երեք մեթր բարձրութեամբ մետաղեայ պարիսպն է՝ նոր կառուցուող ճամբուն երկայնքով:
Կիրանցի մէջ տեղացիները կը մերժեն խօսիլ։ Շատեր կասկածներ ունին, սակայն տեսախցիկին առջեւ այս մասին չեն ուզեր արտայայտուիլ: Տեսախցիկէն հեռու անոնք դիտել տուին, թէ կառուցուող պատը միայն հոգեբանական հարցը պիտի լուծէ:

Ապահովական հարցերը տակաւին կասկածելի են տեղացիներուն համար:
Շինարարական ընկերութեան ղեկավարը, որ ճամբայ կը շինէ, պատ կը կառուցէ երկու երկիրներուն միջեւ, ըսաւ, որ աշխատանքին ընթացքին հակառակ կողմէ որեւէ վտանգ չէ զգացած: «Արդէն մտավախութիւն չունեմ, որովհետեւ պարիսպը կայ: Ժամանակաւոր բնոյթ է կրելու, վերջանալու է դա գնայ, այդ մտավախութիւնները»:
Գիւղացիները քանի մը օր առաջ յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Խէյրիմլիէն միւս կողմը սեփական հողեր ունին, շուրջ 30 հեկտար հացահատիկ ցանած են, հնձելու ժամանակն է, չեն կրնար բերքը տուն հասցնել:
Հայկական կողմով հին ճամբան հարթած, անցանելի դարձուցած են, որպէսզի ցորենահար սարքերը արտերը հասնին. բնակիչները արդէն հասած եւ հնձած են: Սակայն պատասխան չունին այն մասին, որ յառաջիկային ի՛նչ պիտի ըլլայ այդ արտերուն ճակատագիրը։