Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ անդրադարձաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4րդ վեհաժողովին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի տեսակէտներուն` զանոնք նկատելով «Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութիւնը արդարացնելու եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ բացայայտ կողմնակալ դիրքորոշում ցուցաբերելու, տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն յառաջացնելու եւ խաղաղ գործընթացը խոչընդոտելու յաւելեալ վառ օրինակներ»։
Նշելով, թէ «պատերազմով Պաքուն վերջ դրաւ 30 տարուան բռնագրաւման եւ վերականգնեց Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը` Ատրպէյճանի օրինական ու միջազգային իրաւունքի հիման վրայ»՝ Հաճիզատէ շեշտեց, որ Պաքուի ջանքերը, որոնց կարգին՝ իր ռազմական ներուժի հզօրացումը, ուղղուած են արդար նպատակներու իրականացման:
«Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի մասին, որ բռնագրաւող պետութիւն է», յայտնեց Հաճիզատէ՝ Ֆրանսան մեղադրելով անարդար քաղաքականութիւն վարելու մէջ:
«Ֆրանսայի ջանքերը, որոնք չեն ծառայեր խաղաղութեան եւ կը խոչընդոտեն տարածաշրջանի կայունութիւնը, որեւէ արդիւնքի չեն հասցներ», ըսաւ Հաճիզատէ։