
Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան՝ շուրջ երեսուն տարիներ Հայ Օգնութեան Միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ Յունուար 2024ին։
Մեծ է վաստակը ընկեր Թաթուլի հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ։
Ան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս։ Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, ընկեր Թաթուլը աշխատակցած է զանազան օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը։ 1951էն 1957, ան գործած է Ամերիկեան Տեղեկատուութեան գործակալութեան մէջ՝ իբրեւ հրատարակչական բաժինի վարիչ- գծագրիչ։ Տեղին է յիշատակել ընկերոջ գծանկարիչի տաղանդը՝ ստեղծագործելով որմազդեր եւ նշանապատկերներ զաազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համար:
Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան 1957ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։ 1961էն 1972 վարած է University Press of Cambridge-ի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։ 1972էն 1978 ունեցած է իր անձնական հրատարակչական ընկերութիւնը՝ գործակցութեամբ Հարվըրտ համալսարանի հրատարակչական գրասենեակի մասնագիտական հրատարակութիւններու բաժանմունքին։ 1978էն սկսեալ գործած է իբրեւ ազատ մասնագէտ՝ հրատարակչական, խմբագրական եւ տպագրական մարզերուն մէջ։
Ընկեր Թաթուլը ունեցած է նաեւ թարգմանական բեղուն գործունէութիւն։ Ան Անգլերէնի թարգմանած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ յօդուածներ, ինչպէս օրինակ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը՝ գործակցաբար Ռուբէն Ճանպազեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը»՝ գործակցաբար Վիգէն Թիւֆէնքճեանի: Պէտք չէ մոռնալ ընկերոջ մեծ ներդրումը՝ Համազգայինի թատերական կեանքին, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է երկար տարիներ։
Ընկեր Թաթուլը արժանացած է զանազան պատուագիրներու, մրցանակներու եւ շքանշաններու, ինչպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի «Վահան Քարտաշեան» շքանշանին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Է․ Ակնունի» մրցանակին։
Ընկեր Թաթուլը մեծ պատասխանատուութեամբ վարած է ՀՅԴ եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը՝ անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները։ Զուգահեռաբար այս պաշտօնին, ընկեր Թաթուլը նաեւ վարած է «Արմինիըն Ռիվիու»ի խմբագիրի պաշտօնը։
Գալով Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ընկեր Թաթուլը շուրջ երեսուն տարիներ անընդմէջօրէն տնօրինած է միութեան հրատարակութիւններու բաժանմունքը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով ՀՕՄի «Հայ Սիրտ» պարբերականը: Ան նաեւ վարած է միութեան կեդրոնական գրասենեակի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը:
Ընկեր Թաթուլը կը հանդիսանայ անձնուէր մէկ գործիչը այն սերունդին, որ գործեց խոր գիտակցութեամբ՝ իր գիտելիքը եւ փորձառութիւնը ի սպաս դնելով Հայ Դատին եւ ընդհանրապէս հայ հասարակական եւ միութենական կեանքերուն՝ իբրեւ ղեկավար, խմբագիր, հրատարակութիւններու վարիչ, թարգմանիչ եւ մտաւորական։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը երախտապարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով պիտի յիշէ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի վաստակը՝ երկար եւ առողջ կեանք մաղթելով սիրելի ընկերոջ։
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ