Նոյեմբեր 6ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ.-ՌԱԿ միջկուսակցական համաժողովը եւ անկէ բխած յայտարարութիւնը բազմաթիւ ուսանելի կէտեր ունին ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորաբար հայ քաղաքական միտքին համար:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ «մեզ կարող են իրարից զատել գաղափարական հարցեր, սակայն կան համահայկական մակարդակի մի շարք խնդիրներ, որոնք միայն պէտք է կարողանան մեզ համախմբել: Եւ այսօր մեր համահայկական օրակարգում եղած խնդիրներն են, որ մեր ժողովի քննութեան նիւթ են դարձել»:
Իսկ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան յայտարարեց. «Հայկական դասական կուսակցութիւնների պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանում հաւաքուած ենք միջկուսակցական ժողովի՝ միասնաբար ծրագրելու եւ համադրելու Հայ Դատի հետապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, ՀՀ միջազգային հեղինակութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ հայկական իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ մեր ձիրքերը»:
Այսօր հայութիւնն ու Հայաստանը կը դիմագրաւեն բազմաթիւ հիմնական հարցեր:
Արցախի պարագային, ճիշդ է, թնդանօթները չեն որոտար, պատերազմ չկայ, սակայն հարցը տակաւին կը մնայ անլոյծ եւ անոր հայանպաստ լուծումը անհրաժեշտութիւն է, չըսելու համար կենսական՝ հայութեան ու Հայաստանի համար:
Դարձեալ արտաքին ճակատի վրայ, հայկական իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու եւ անոնց վերատիրանալու հարցը օրակարգի առաջնահերթ խնդիր է, այնպիսի ձեւով մը, որ անվիճելի է հայկական իրականութենէն ներս: Հայկական իրաւունքներու վերատիրացման հարցը Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող բաւական ընդարձակ թղթածրարի մը բացում կ’ենթադրէ: Իսկ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը այս թղթածրարին միայն մէկ էջն է, որուն ստորաբաժանումներէն մէկն է թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հակահայ կամ հակահայաստանեան քաղաքականութիւնը: Անոր կը յաջորդեն հրատապ խնդիրներ, որոնց շուրջ անհրաժեշտ է համազգային կամք, տրամադրութիւն եւ քաղաքական մեքենայ ստեղծել ու գործի լծել:
Հայաբնակ Չաւախքի ծանր կացութիւնը եւս նուրբ խնդիր է: Հոն, վրացական իշխանութիւնները կը վարեն շրջանը իր բախտին լքելով՝ ի վերջոյ զայն հայաթափելու չյայտարարուած քաղաքականութիւն մը: Այս ուղղութեամբ եւս համահայկական ճիգերը լարելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի:
Գալով Հայաստանի ներքին կեանքին, հոն ընկերային-տնտեսական կեանքը հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ: Տնտեսական աճը, որ տարուէ տարի վիճակագրական առումով վերընթաց զարգացումի մէջ է, ակնկալուած չափով իր բարերար ազդեցութիւնը չէ ունեցած ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման ու բարօրութեան համար, տրուած ըլլալով, որ տնտեսական մենաշնորհները կը շարունակեն սանձել նման որեւէ դրական ընթացք: Օրէնքի եւ օրինականութեան գերիշխանութիւնը գերիվեր դարձնելու ուղղութեամբ, մեծ աշխատանք կայ կատարելիք մեր հայրենիքէն ներս ու ասոր լոյսին տակ նաեւ, ընտրական ամբողջ համակարգը արդար ու թափանցիկ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ի վերջոյ, արդարութիւնը հիմքն է մարդկային ազատ հասարակարգին, իսկ ազատ հասարակարգն է այն հիմը, որ կ’երաշխաւորէ երկրի մը զարգացումը եւ ուժեղացումը:
Այս բոլոր հարցերու լուծումը ոչ անհատի մը, ոչ քաղաքական մէկ ու միակ հոսանքի մը, եւ ոչ ալ խմբակի մը գործն է: Այս լուծումը կ’ենթադրէ բոլոր ճիգերու համախմբում, բազմաթիւ մակարդակներու վրայ: Իսկ ճիգերը համադրելու համար, նախ անհրաժեշտ է բնութագրել հարցերը, կատարել ախտաճանաչումները եւ բանաձեւել-առաջադրել անոնց լուծումները:
Իսկ այս բոլորը կարելի կ’ըլլայ միայն սեղանի շուրջ նստելով ու երկխօսութիւն, ի հարկին բազմակողմ խօսակցութիւն զարգացնելով:
Եթէ գաղափարական երանգապնակին մէջ հակադիր ըսուելու չափ տարբեր դիրքերու վրայ եղող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը յաջողեցան նստիլ նոյն սեղանին շուրջ եւ հասարակ յայտարարներ ստեղծել, ոչ մէկ արգելք կայ, որ այս երկխօսութիւնը վարակիչ դառնայ Հայաստանի ներքին ու առհասարակ հայկական համընդհանուր քաղաքական դաշտերէն ներս եւս: Հոս արդէն իր դերը պէտք է կատարէ քաղաքական առողջ մշակոյթ ձեւաւորելու եւ զարգացնելու ազդակը:
Այսօր, մեր հայրենիքն ու համայն հայութիւնը կը գտնուին հիմնական խնդիրներու դէմ յանդիման: Հայկական ներքին երկխօսութիւնը եւ հասարակ յայտարարներ ստեղծելն ու զանոնք ամրապնդելը զարգացման նշան է եւ միայն դրական երեւոյթ է: Անհրաժեշտ է ամրապնդել ու զարգացնել երկխօսութիւնը, առողջ բանավէճը եւ համակարգել լուծումներու պատկերացումները, որպէսզի ատկէ շահաւոր դուրս գան Հայաստանն ու հայութիւնը: