Ամերիկեան Ծերակոյտի Իրաւական հարցերու յանձնախումբը քանի մը օր առաջ վաւերացուց արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին Մայքըլ Մաքէյզիի թեկնածութիւնը, որ ներկայացուած է նախագահ Պուշի կողմէ, եւ 8ի դէմ 11 քուէով յղեց Ծերակոյտի լիագումարին, որ անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան իր կարգին վերջնական քուէարկութեամբ զայն հաստատեց իր պաշտօնին: Մաքէյզի կոչուած է փոխարինելու վարկաբեկուած ու շուրջ 2 ամիս առաջ հրաժարած Ալպերթօ Կոնզալէսը, որ մեղադրուեցաւ արդարատադութիւնը գործադիր իշխանութեան պոսերուն կամքին համաձայն վարելու յանցանքով։
Նախկին դաշնակցային դատաւոր Մաքէյզիի թեկնածութեան մասին իսկական «Բիւզանդական վէճ» տեղի ունեցաւ յանձնախումբի նիստերուն. հարցը այն չէր, թէ գնդասեղի մը գլուխին քանի՞ հրեշտակ կրնան նստիլ, այլ այն՝ որ բանտարկեալ մը խոստովանելու մղելու համար, չարչարանքի որոշ դրութիւն մը արդեօք տանջամիջո՞ց է, թէ չէ։
Կ՚ըսուի, որ յիշեալ դրութիւնը կիրարկող բանտապահը կ՚ընէ հետեւեալը. բանտարկեալին դէմքին՝ քիթին ու բերնին լաթ մը կը դրուի եւ վրան առատօրէն ջուր կը թափուի, մինչեւ որ ան շնչարգել դառնայ, թոքերը սկսկին ջուր լեցուիլ ու ենթական ունենայ այն զգացումը, թէ խեղդամահ պիտի ըլլայ։ Այս դրութիւնը կիրարկուած է միջին դարերուն, երբ կայսրութիւններ իրարու մրցակից էին նաե՛ւ գերիներ ու բանտարկեալներ տանջելու անմարդկային միջոցառումներ հնարելու մէջ, անիկա կիրարկուած է նորագոյն պատմութեան մէջ՝ ճափոնցիներու, Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներուն եւ դեռ, սեւամորթ գերիներ տանջելու ելած ամերիկացի ստրկատէրերու կողմէ։
Վէճը ծագեցաւ այն կէտէն, ուր Մաքէյզի խուսափեցաւ կտրուկ կերպով հաստատելէ, թէ այս դրութիւնը տանջանքի անմարդկային բռնամիջոց է։ Նշանակման հարցը, որ ի սկզբանէ քաղաքական հարց էր, աւելի եւս քաղաքականացաւ, երբ թեկնածուին ճակատագիրը կախուեցաւ միայն այս հարցումէն։ Ի վերջոյ, հանրապետականները իրենց կողմը շահեցան քուէները երկու դեմոկրատ ծերակուտականներու՝ Տայէն Ֆայնսթայնի եւ Չաք Շումըրի, որոնք իրենց ձայնը միացուցին յանձնախումբի անդամ 9 հանրապետականներուն։
Առեւտո՞ւր, կուսակցական գործակցութեան նորագոյն փա՞ստ, թէ գործադիր իշխանութեան ծրագիրներուն համակերպում՝ չյայտարարուած հրապոյրներու ընդառաջում, ինչպէս կը պատահի այլօրինակ քուէարկութեանց պարագային ալ… (չար լեզուներ կ՚ըսեն, թէ Ֆայնսթայնի ընտանիքը սերտ կապեր ունի զէնքի ճարտարարուեստին հետ եւ յաճախ կը մտածէ իբրեւ հանրապետական, քան դեմոկրատ)։
Եթէ պահ մը մէկդի թողունք բանավէճին «բիւզանդական» նկարագիրը եւ կանգ առնենք խորքին վրայ, կը ծագին հետեւեալ (նաեւ բազմաթիւ այլ) հարցումները.
Թեկնածու Մաքէյզի ինչո՞ւ չուզեց յստակ դիրք ճշդել իբրեւ տանջանք ճանչցուած եւ ընդունուած այս միջոցառումին նկատմամբ, եւ ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ անոր կեցուածքը։
Թեկնածուն քննադատող ծերակուտականներու եւ անոնց համախորհուրդ մարդկային իրաւանց պաշտպան խմբաւորումներու դիտանկիւնէն, ան այս հարցին նկատմամբ խուսափողական եղաւ (մինչեւ անգամ տգէտ ձեւացաւ), նախ՝ վստահ ըլլալով, որ իր թեկնածութեան վաւերացումը ապահովուած էր, երկրորդ՝ դատապարտողի կեցուածք որդեգրելով, ան իրողապէս դատապարտած պիտի ըլլար զինք նշանակող վարչամեքենան ու անոր ղեկավարները, որովհետեւ որոշ սպասարկութիւններ (օրինակ՝ Իրաքի Ապու Ղրէյպ տխրահռչակ բանտին «խոստովանահայրերը») այս ձեւը կիրարկած են ու իրենց մեծաւորներն ալ տեղեակ եղած են անկէ։
Քննադատողները հարց կու տան, որ եթէ այս իշխանութիւնը իբրեւ ապօրինի բռնամիջոց չի ճանչնար ջուրի հոսանքով տանջանքի այս ձեւը, ի՞նչ կացութիւն պիտի ստեղծուի, եթէ վաղը-միւս օր ահաբեկիչներ կամ թշնամի կողմեր նոյն բռնամիջոցը կիրարկեն իրենց ձեռքը ինկող ամերիկացի գերիի մը կամ պատանդի մը դէմ…