
Շուէտի խորհրդարանի անդամ Էրիք Հելսպոռն, անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ այդ ծիրին մէջ Պաքուէն հնչող սպառնալիքներուն՝ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարելու որեւէ փորձ պէտք է յանգեցնէ Արեւմուտքի կողմէ արագ քայլերու, մասնաւորաբար պատժամիջոցներու:
«Արմէնփրես»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հելսպոռն անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորացող յարաբերութիւններուն, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմաններու սահմանազատում կատարելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն:
«Միջազգային յարաբերութիւնները կարեւոր են որեւէ երկրի համար, սակայն առաւել կարեւոր են այնպիսի փոքր երկիրներու համար, ինչպէս Հայաստան: Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին կառուցած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները դրական են, եւ այդ աշխատանքը պէտք է շարունակուի: Աւելի սերտ կապերը օգուտ պիտի բերեն երկու կողմերուն ալ», ըսաւ Հելսպոռն:
Անդրադառնալով Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիմամբ սահմաններու սահմանազատման հոլովոյթ սկսելու վերաբերեալ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութեան` Հելսպոռն յայտնեց. «Սահմանային տարակարծութիւնները, անշուշտ, պէտք է լուծուին, որպէսզի երկարատեւ խաղաղութիւն ըլլայ: Սակայն, այդպիսի համաձայնագիրի մը մանրամասնութիւնները, հաւանաբար, բարդ հարցեր պիտի յառաջացնեն: Ես հետեւած եմ Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի բանավէճերուն եւ տեղեակ եմ, որ կան մարդիկ, որոնք կը քննադատեն, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս կը վարէ կացութիւնը: Ես իրաւունք չունիմ ըսելու, թէ այս պարագային ո՛վ ճիշդ է: Ալիեւի վարչակարգի «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ հռետորաբանութիւնը անընդունելի է: Քննարկուող տարածքը կը պատկանի Հայաստանին, եւ Ատրպէյճան իրաւունքներ չունի այդ հողին նկատմամբ, իրաւունք չունի նաեւ անոր վերաբերեալ որեւէ պահանջ ներկայացնելու»: