
Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ օփերայի երգչուհի, մեներգչուհի Աննա Նշանեան, որ իր բազմամեայ գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի կեանքին մէջ:
Աննա Նշանեան թատրոնին մէջ սկսած է աշխատիլ 1959ին՝ հանդէս գալով բազմաթիւ օփերայի դերերով՝ Ա. Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա» (Աննա իշխանուհի), Ա. Տիգրանեանի «Դաւիթ Բեկ» (Շուշան), «Անուշ» (Անուշ), Տ. Չուխաճեանի «Արշակ Երկրորդ» (Օլիմփիա), Վերտիի «Թրաւիաթա» (Վիոլեթա), Վերտիի «Օթելլօ» (Տեստեմոնա) եւ այլն:
Ան արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչումին, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուած է ԽՍՀՄ շնորհակալական պատուոյ գիրով եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկի մետալով:
Նշանեան 1980ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր եւս շարունակած է համերգային իր գործունէութիւնը եւ արժանացած է շարք մը ամերիկեան պարգեւներու, որոնց կարգին՝ Famous Opera Singer կոչումին: