Առաւել քան տասը տարուան ընդմիջումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Օգոստոսին, սահմանային անցակէտի մը վրայ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»ին` յղում կատարելով թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթին:
«Անգարայի աղբիւրները յայտնեցին, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ պահու: Էրտողանի եւ Ասատի հանդիպման վայրի առաջին տարբերակը Իրաքն էր, սակայն այժմ Անգարա կը նախընտրէ հանդիպումը կատարել Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քասապ անցակէտին վրայ: Հոլովոյթը շատ արագ կ՛ընթանայ. երկու ղեկավարներու միացեալ լուսանկարը կրնայ յայտնուիլ Օգոստոսին», կը գրէ օրաթերթը:
Ըստ թրքական օրաթերթի աղբիւրներուն, երկու երկիրներուն հետախուզական վարչութիւնները Յուլիսին առնուազն երեք հանդիպումներ ունեցած են` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: