Ուքրանիոյ հարցին մէջ Արեւմուտքի երկիրներու ընթացիկ կեցուածքը Ռուսիոյ դիրքորոշումը անտեսելը եւ Ռուսիոյ անձնատուութիւնը ակնկալելն է, սակայն այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ, ըստ «Թասս»ի, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Ամէն ինչ կ՛անտեսեն եւ կը շարունակեն կոչ ուղղել` կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելու: Եւ, ըստ էութեան, անոնց ըմբռնումով, հիմա այդ կը նշանակէ անձնատուութիւն: Այդպիսի բան պիտի չըլլայ, յատուկ զինուորական գործողութիւնը իր բոլոր նպատակներուն պիտի հասնի, անոր մէջ ոչ մէկ կասկած կայ», ըսաւ Լաւրով:
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն իր կարգին կը հաղորդէ, որ Լաւրով յայտարարեց, թէ Մոսկուա մտահոգ է Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի միացեալ հիւլէական ծրագիրներով: Լաւրով աւելցուց, որ առայժմ Մոսկուա նոյնիսկ չի կրնար բացատրութիւն ստանալ, թէ այդ մէկը ինչ կը նշանակէ: «Սակայն չենք կասկածիր, թէ անիկա լրացուցիչ ահազանգ կը յառաջացնէ», ընդգծեց Լաւրով: