
Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 19։45ի շուրջ, քանի մը պայթումներ ցնցեցին Պէյրութի Հարաւային արուարձանները. իսրայէլեան յարձակում մը թիրախ դարձուց բնակելի շէնք մը՝ «Հըզպալլա»ի Շուրայի խորհուրդի կեդրոնատեղիին մօտ։
Ըստ Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանի մը՝ յարձակումը կատարուած էր անօդաչու թռչող սարքի մը միջոցով, որ արձակած էր 2 հրթիռներ։
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ՝ հաղորդեց, որ հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած յարձակումը թիրախ դարձուց «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը, որուն ճակատագիրը տակաւին յստակ չէ։
«Ճշգրիտ կերպով հարուածեցինք Մաժտալ Շամսի փոքրիկներուն սպանութեան պատասխանատուն, որ նաեւ բազմաթիւ իսրայէլացիներ սպաննած է», յայտարարեց իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի։


Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը կատարած է իր խոստումը՝ հարուածելու «Հըզպալլա»ն՝ անօդաչու սարքի մը արձակած երկու հրթիռներուն միջոցով հարուածելով «Հըզպալլա»ի ապահովական պատասխանատուներէն Ֆուատ Շըքըրի (ծանօթ՝ Հաժ Մոհսեն կեղծ անունով) բնակարանը։ Ֆուատ Շըքըր «Հըզպալլա»ի հրթիռային բաժանմունքի պատասխանատուն է։ Անոր ճակատագիրը կը մնայ անյայտ։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը կասկածին, որ ան սպաննուած ըլլայ յարձակման ընթացքին։
Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած այս յարձակումը հսկայ քանդումներ պատճառեց։ Յարձակումը պատճառ դարձաւ նաեւ 1 զոհի եւ 17 վիրաւորներու։
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը, իր լուրերը քաղելով ապահովական աղբիւրներէ՝ հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումը ձախողած է եւ չէ կրցած սպաննել Ֆուատ Շըքըրը։

