Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ թէ Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ կը շարունակեն խորապէս ներգրաւուած ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ գործել՝ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ վճռական արդիւնքի հասնելու ուղղութեամբ՝ առանց որեւէ ժամանակացոյցի մը մասին խօսելու: