Ատրպէյճան եւ ՀԱՊԿի անդամ Ղազախստան կը ծրագրեն փոխանակել զինուորական հետախուզական տեղեկութիւններ, որոնք պիտի վերաբերին ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ռազմական-քաղաքական իրադարձութիւններու, հաղորդեց ղազախական «Թենկրինիուզ» կայքը:
Բացի այդ, այս ծրագիրը կ՛ենթադրէ մասնակցող պետութիւններու տարածքներուն մէջ միացեալ մարտական պատրաստութեան քայլեր:
Ղազախական «Օթքրիկիէ» կայքին վրայ քննարկման դրուած է զինուորական հետախուզութեան ոլորտին մէջ Ղազախստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի նախագիծը:
«Գաղտնի տեղեկատուութեան փոխանակումը, օգտագործումը եւ պաշտպանութիւնը կը կատարուին գաղտնի տեղեկութեան փոխադարձ պաշտպանութեան մասին առանձին միջազգային համաձայնագիրի մը հիման վրայ: Կողմերը այս համաձայնագիրով համագործակցութեան ընթացքին ձեռք բերուած տեղեկութիւնները չեն օգտագործեր ի վնաս այդ տեղեկութիւնը տրամադրած կողմին», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ տեղեկութիւնները, զորս երկիրները ստորագրուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ պիտի փոխանակեն, չեն կրնար բացայայտուիլ, տրամադրուիլ կամ փոխանցուիլ երրորդ կողմի` առանց համապատասխան տեղեկութիւն տրամադրող կողմի գրաւոր համաձայնութեան:
«Կողմերը իրարու դէմ զինուորական հետախուզական գործողութիւններ չեն կատարեր», կ՛ընդգծուի փաստաթուղթին մէջ:
Համաձայնագիրը կրնայ կասեցուիլ կողմերէն մէկուն «անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, հասարակական կարգի կամ ազգային ապահովութեան սպառնալիքի» պարագային: Եթէ այդ տեղի ունենայ, միւս կողմը պէտք է գրաւոր տեղեկացնէ դիւանագիտական ուղիներով:
Զինուորական հետախուզութեան համաձայնագիրը կը կնքուի 5 տարուան ժամկէտով, եւ եթէ կողմերէն մէկը որոշէ զայն խզել, պարտաւոր է այդ մասին տեղեկացնել առնուազն 6 ամիս առաջ: