Նիկոսիա տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտեսի հետ, յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան օրակարգին եւ տարածաշրջանային հարցերու:
Անոնք ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան ընդլայնման, օրակարգը նոր ուղղութիւններով հարստացնելու եւ շօշափելի արդիւնքներու շարունակականութիւնը ապահովելու հարցով Երեւանի ու Նիկոսիոյ մէջ դեսպանութիւններ բանալու վերաբերեալ երկուստեք կայացուած որոշման կարեւորութիւնը: Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ, մասնաւորապէս՝ տնտեսութեան, բարձր արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան խթանման ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւնը:
Ընդգծուեցաւ նաեւ ներկայիս բարդ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ երկու երկիրներուն սերտ համագործակցութեան նշանակութիւնը` թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով, թէ՛ բազմակողմանի հարթակներու վրայ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համապարփակ գործընկերութեան հետագայ խորացման ուղղութեամբ միացեալ ջանքերուն:
Տարածաշրջանային զարգացումներու պարունակին մէջ, Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, որոնց կարգին՝ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչմամբ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման, 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ սահմանազատման շարունակականութեան ապահովման վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ առաւել լայն տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրի կեանքի կոչման կարեւորութեան եւ այդ ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներուն հետ համագործակցութեան հարցերու։