Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Գրական միաւորը եւ Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը կազմակերպած են Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը, որ տեղի պիտի ունենայ 22 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Փասատինայի «Ճիվալակեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (2242 E. Foothill Blvd., Pasadena):
Մուտքը ազատ ձեռնարկին ընթացքին պիտի կատարուի նաեւ հիւրասիրութիւն: