Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած դարաւոր կապերը պիտի դիմանան բոլոր փորձութիւններուն, որոնց Հայաստանին կ՛ենթարկէ Արեւմուտքը: «Ռիա Նովոսթի»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ արձագանգելով Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գծով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛Պրայընի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կ՛ուզէ աւելի շատ հեռանալ Ռուսիայէն:
Զախարովա փոխնախարարին այս յայտարարութիւնը անհիմն նկատեց: «Ասիկա ամերիկացիներուն բնորոշ աշխարհաքաղաքական ճարտարագիտութեան յաւելեալ օրինակ է. համաշխարհային հանրութեան աչքին դիմաց ստեղծել Ուաշինկթընի անհրաժեշտ «իրականութիւն» մը, որ ոչ մէկ կապ ունի իրական տեղի ունեցածին հետ», նշեց Զախարովա:
Ան յայտնեց, որ Արեւմուտքի կողմէ իրավիճակը խեղաթիւրելու փորձերը տեսանելի են նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մէջ:
«Օ՛Պրայընն եւ անոր խմբակիցները պէտք է հասկնան պարզ բան մը՝ մեր երկիրներուն միջեւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած կապերը պիտի դիմանան Արեւմուտքի բոլոր փորձութիւններուն: Պատմութեան ընթացքին մենք բազմաթիւ անգամներ ձեռք մեկնած ենք եղբայրական հայ ժողովուրդին եւ մտադիր ենք նոյնը ընել նաեւ ապագային», եզրափակեց Զախարովա: