Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան առաջարկեց թիրախ դարձնել Իրանի դրացի երկիրներուն մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Թելեկրաֆ»ը:
«Փեզեշքեան մտավախութիւն ունի, որ Իսրայէլի վրայ որեւէ ուղղակի յարձակում լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Իրանի նախագահին մօտիկ աղբիւր մը՝ աւելցնելով. «Սեպահը (Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը) շատ յամառ է Իսրայէլը թիրախ դարձնելու հարցին մէջ, եւ անոնք կը կարծեն, որ այդ մէկը իրագործելը դիւրին է: Ան առաջարկեց թիրախ դարձնել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ կամ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ Իսրայէլի հետ առնչութիւն ունեցող ռազմակայանները, եւ մինչ այդ տուեալ երկիրները տեղեակ պահել եւ աւարտին հասցնել ամբողջ հարցը: Իրանի նախագահը նաեւ առաջարկեց «Հըզպալլա»ն աւելի ժամանակակից զէնքերով զինել եւ անոր արտօնել կռուիլ Իրանի կողմէ մեծ աջակցութեամբ», կը յայտնէ «Թելեկրաֆ»ը: