«Հիւմըն Ռայթց Ուաչը հրապարակեց յայտարարութիւն մը Թուրքիոյ մէջ «Ինսթակրամ» ընկերային կայքը արգիլուած համարուելուն դէմ` կոչ ընելով անյապաղ վերցնելու այդ ընկերային կայքին արգելքը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «Ինսթակրամ» կայքը մտնելը բոլորովին արգիլելով` թուրք պաշտօնատարները իրենց «կամայական որոշումներով» խախտած են միլիոնաւոր օգտատէրերու ազատութեան եւ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը:
«Միայն այն պատճառով, որ կառավարութիւնը անհամաձայնութիւն ունի հարթակի որոշ բովանդակութիւններու հետ, երբեք չի կրնար պատճառ ըլլալ այդ հարթակը մտնելը արգելակելու համար», կը յայտնէ «Հիւմըն Ռայթց Ուաչ»ի ճարտարագիտութիւններու եւ իրաւական հարցերու գծով փոխտնօրէնը: