
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հանգուցեալ գործադիր տնօրէնին՝ Զաւէն Խանճեանի յուղարկաւորութեան պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 23 Օգոստոս 2024ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ (Քալիֆորնիոյ ժամով), Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ՝ United Armenian Congregational Church, 3480 Cahuenga Blvd W. Los Angeles, CA 90068։
Թաղումը պիտի կատարուի Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Drive, Los Angeles, CA 90068, որուն պիտի յաջորդէ Յիշատակի ճաշը՝ եկեղեցւոյ «Աւազեան» սրահին մէջ։
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի հեռարձակուի առցանց:
Ի յիշատակ Զաւէն Խանճեանի՝ նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել Աւետարանչականի կեդրոնատեղիի 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652 հասցէին, կամ կայքէջին միջոցով:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆի՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) գործադիր տնօրէնին եւ «Ասպարէզ»ի մօտիկ բարեկամին, մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անդամներուն, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։