«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ փոխվարչապետ, սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն շուրջ մէկուկէս ամիս ետք տակաւին չեն բացատրած, թէ ինչո՛ւ Երեւան եւ Պաքու մինչեւ 1 Յուլիս չհամաձայնեցուցին սահմանազատման սկզբունքները ամրագրող փաստաթուղթը, որուն որդեգրումով պէտք է ապահովուէր սահմանազատման շարունակականութիւնը:
Չորս գիւղերը Ատրպէյճանին վերադարձնելէ ետք իշխանութիւնը այդպիսի ակնկալութիւն մը ունէր։
«Այդ պրոցեսը (գործընթացը) պէտք է գնայ, որովհետեւ երկու պետութիւն արդէն ստորագրել են, որ պէտք է գնայ առաջ, եւ մենք չենք կարող անլրջացնել մեր ստորագրութիւնը», Մայիսին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Ազատութիւն»ը գրաւոր հարցում յղեց սահմանազատման յանձնաժողովը գլխաւորող փոխվարչապետին գրասենեակին՝ փորձելով հասկնալ, թէ ի՛նչ փուլի մէջ է կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը, արդեօք Ատրպէյճա՞ն խոչընդոտներ կը ստեղծէ, կողմերը սահմանա՞ծ են նոր ժամկէտ աշխատանքները աւարտելու համար, եւ վերջապէս՝ սահմանի միւս հատուածները համաձայնեցնելու շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանա՞ն։
Փոխվարչապետին գրասենեակէն առաջարկած էին այս հարցումներուն պատասխանել մէկ ամսուան ընթացքին, բայց 30 օրեր ետք, առանց որեւէ յստակութեան միայն յիշեցուցին նախկին պայմանաւորուածութիւնները, որ՝ «կանոնակարգի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնները շարունակւում են կառուցողական հունով, եւ առաջիկայում նախատեսւում է աւարտել դրանք, ապա անցնել սահմանի մնացած հատուածների սահմանազատմանը, ներառեալ՝ անկլաւ/էքսկլաւներին (միջերկիր-արտագաւառ)»։
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները թէ՛ սահմանազատման, թէ՛ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ գաղտնիութեան առումով աննախադէպ են։ Այս կարծիքը արտայայտեց ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան։ Ան մտահոգիչ նկատեց, որ բանակցութիւններէն կարեւոր դրուագներ հայաստանցիներուն յայտնի կը դառնան կա՛մ ատրպէյճանցի, կա՛մ ոեւէ միջնորդ երկրի պաշտօնատարներէ:
«Բնականաբար, այս պայմաններում երբ մենք դիտարկում ենք սահմանազատման գործընթացը, յատկապէս դրա հետ կապուած բարդ, պրոբլեմատիկ (խնդրայարոյց) եւ նրբութիւններ պարունակող այդ խնդրի շուրջ հայաստանեան իշխանութիւններն առաւելագոյնս փակում են ամբողջութեամբ տեղեկատուութիւնը», ըսաւ Աբրահամեան։
Ան բացատրեց այդ վիճակին վտանգաւոր ըլլալու տուեալները, երբ Ատրպէյճան կը պահանջէ վերադարձնել չորս գիւղերը, իշխանութեան ներկայացուցիչները կը վստահեցնեն, թէ իրենք ալ հայկական 31 բնակավայրերու հողատարածքներու հարցը յառաջ պիտի մղեն, եւ ամէն ինչ պիտի ըլլայ փոխադարձ: Բայց, ըստ Աբրահամեանի, բանակցութիւնները իրականութեան մէջ այդ մասին չէին:
«Ժամանակը ցոյց տուեց, ես սա ցաւով եմ ասում, որ իրականութեան մէջ Ադրբեջանը դրել էր յստակ պահանջներ, եւ Հայաստանի իշխանութիւնը դա գեղեցիկ ձեւակերպումներով փաթեթաւորեց դելիմիտացիայի (սահմանազատման) գործընթացի տակ, որի բառը նոյնիսկ շատ-շատերին որեւէ բան չէր ասում, եւ փաստօրէն դրա անուան տակ գնաց միակողմանի զիջումների», բացատրեց Աբրահամեան՝ շարունակելով. «Վաղ թէ ուշ գալու է մի փուլ, երբ Նիկոլ Փաշինեանը այլեւս չի լինելու իշխանութեան, ձեւաւորուելու է ինչ-որ դաշտ, որի պայմաններում քննուելու է, եւ իրաւական դաշտում գնահատական է տրուելու այն ամէնին, ինչ որ եղել է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ»։
Տաւուշի մէջ հատուածական սահմանազատումէն միայն երկու ամիս առաջ, երբ Պաքու չորս գիւղերը վերադարձնելու պայման կը դնէր, Փաշինեան հրապարակայնօրէն հայաստանցիներուն կը հաւաստիացնէր, թէ Երեւան այդ հարցին մէջ կառուցողական է, իսկ գործընթացը պէտք է ըլլայ երկկողմանի: «Որպէսզի զօրքերն իրենց այսօրուայ դիրքերից յետ գնան, դրա համար անհրաժեշտ է քարտէզի եւ գետնի վրայ վերարտադրել Հայաստան-Ադրբեջան սահմանը եւ երկու երկրի զօրքերը ետ քաշել այդ սահմանի գծի նկատմամբ: Այսինքն՝ սահմանի վերարտադրութիւնից յետոյ եթէ պարզուի, որ այդ գծից առաջ զօրքեր կան, երկուստեք պէտք է յետ քաշուեն: Այսինքն՝ եթէ երկու կողմերից սահմանի գծից առաջ զօրքեր կան, պիտի յետ քաշուեն այդ արդէն իսկ սահմանագծուած սահմանի նկատմամբ», ըսած էր Փաշինեան։
Ասիկա միակ հարցը չէ, որուն լուծման շուրջ մօտեցումները Փաշինեան եւ խմբակիցները բանակցութիւններուն ընթացքին փոխեցին։ Աբրահամեան նոյնիսկ չի բացառեր, որ յառաջիկային առանց կանոնակարգի հաստատման Երեւան եւ Պաքու անցնին միջերկիրներու հարցի քննարկման, յատկապէս երբ Փաշինեան արդէն ըսաւ, որ անոնք Հայաստանի 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթրին մէջ չեն ներառուած:
«Բնականաբար, կարող է ստեղծուել մի իրավիճակ, երբոր կա՛մ ադրբեջանական ճնշումները կտրուկ մեծանան, եւ ընդհանուր փաթեթից դուրս բերուի այդ չորս գիւղերի հետ կապուած հարցը, եւ միակողմանի զիջուի Ադրբեջանին, կա՛մ Ադրբեջանը գնայ ռազմական գործողութիւնների՝ դրա հիմքում դնելով, ըստ էութեան, այդ լեգիտիմութեան (օրինականութեան) հիմքը, որը նրան տուել է Հայաստանի իշխանութիւնը», ըսաւ Աբրահամեան։
Տաւուշի մէջ հատուածական սահմանազատումէն ետք ոչ միայն միացեալ գործունէութեան կանոնակարգը չէ հաստատուած, այլ նաեւ սահմանազատման յանձնաժողովներուն նախագահները չեն հանդիպած: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները վերջին անգամ բանակցեցան 15 Մայիսին։