13 Օգոստոսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Իրանի հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամինի ըսաւ, որ արդէն մէկուկէս տարիէ ի վեր բացուած է Իրանի հիւպատոսարանը, բայց այդ շատ կարճ ժամանակ է որեւէ գործ ծաւալելու համար: «Սակայն, հիմք ունենալով մեր հազարամեայ պատմական անցեալը, մենք շատ արագ կրցանք իրականացնել մեր ծրագիրները», յայտնեց ան՝ աւելցնելով.
«Կան առեւտրական կապերու զարգացման ծրագիրներ եւ նախագիծեր: Իրանի ռազմավարութիւնը Սիւնիքի հարցին մէջ շատ յստակ է: Պարոն Փաշինեան երբ այցելեց Իրան, հանդիպեցաւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդին եւ Իրան շեշտեց իր ռազմավարութիւնը: Իրան-Հայաստան սահմանի անփոփոխութիւնը կարմիր գիծ է Իրանի համար»։