ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Բարի եկար 4516
Շաբաթ մը առաջ, Կիրակի օր, հայերս նշեցինք Նաւասարդը, հին հայկական տոմարի Նոր Տարին: Այդ առիթով, պոլսական ձայնասփիւռի մը կայանի հայկական մշակոյթին նուիրուած ժամուն, այս հետաքրքրական նիւթը ներկայացուցի տեղական հանրութեան, ապա շնորհաւորեցի ունկնդիրներուն նոր տարին՝ 4516ը: Յարգելի ընթերցող, Նաւասարդը եւ հայկական Հին Տոմարը թէեւ ծանօթ է ձեզի, սակայն յիշելով, թէ «կրկնութիւնը մայրն է բոլոր գիտութիւններու», այսօր որոշեցի գրի առնել մեր տոհմիկ օրացոյցի պատմութիւնը եւ անոր հետ յիշուած քանի մը առասպելներ:
13րդ Ամիսը
Յարգելի ընթերցող, փորձեցէք 365ը, տարուան օրերու թիւը բաժնել 12ի: Անկարելի է, չէ՞: Ասիկա է պատճառը, որ մերօրեայ օրացոյցի 12 ամիսները ունին օրերու անհաւասար թիւեր. 30, 31, 30, 3է… Իսկ Փետրուարը, ամիսներուն ամէնէն դժբախտը, հռոմի կայսրերու որոշումով զրկուեցաւ նախ իր 30րդ, ապա 29րդ օրէն: Աւելին, մեզմէ ո՞վ ձեռքը սեղմելով չէ կազմած բռունցք մը եւ չէ համրած մատներու ցցուած ոսկորները եւ անոնց մէջ գոյացած «ձորերը», յիշելու համար, թէ ամիս մը երեսո՞ւն օր կը քաշէ, թէ երեսունմէկ օր: Մինչդեռ, յարգելի ընթերցող, հայկական օրացոյցի 12 ամիսները հաւասար են. բոլորն ալ ունին 30 օր: 30×12=360: Իսկ մնացած օրերուն համար մեր նախնիները ստեղծած են «Յաւելեաց» ամիս մը, որ ունէր 4 օր (նահանջ տարին 5 օր)։ Նաւասարդի կողքին միւս ամիսներն էին՝ Հոռի, Սահմի, Տրէ, Քաղոց, Արաց, Մեհեկի, Արեգի, Ահեկի, Մարերի, Մարգաց եւ Հրոտից:
Այսօր Օրերէն Արուսեակ Է
Հայկական տոմարին մէջ շաբթուան եօթը օրերը ունեցեր են իրենց յատուկ անունները: Առաջին երկու հատը պարզ են. Արեգակի օր եւ Լուսնի օր: Իսկ մնացած 5 հատը այն մոլորակներն են, որոնք մարդու մերկ աչքին տեսանելի են. Հրատ, Փայլածու, Լուսնթագ, Արուսեակ եւ Երեւակ: Անոնք այլեւս շաբթուան օրեր չեն, սակայն Հրանտը, Լուսնթագը եւ Արուսեակը հայոց լեզուին մէջ կը շարունակեն պլպլալ իբրեւ ընտիր անձնանուններ:


Տղաս Ծնաւ Վահագնի Օրը
Ուշագրաւ է, որ հայկական տոմարին մէջ ամսուան 30 օրերը չեն թուարկուած, այլ անուանուած են: Մեր նախնիները չէին ըսեր, թէ այսօր ամսուն 15ն է, այլ կ՛ըսէին Արամազդի օրն է: Պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր օր նուիրուած էր հայկական պանթէոնի աստուածներուն: Պէտք է յիշել այն աստուածները, որոնք աւելի շատ ծանօթ են մեզի եւ մենք մեծցած ենք անոնց առասպելներով. Սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհին Աստղիկը՝ ամսուն 7րդ օրը, կրակի աստուած Միհրը՝ 8րդ օրը, գերագոյն աստուած, երկինքի եւ երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներուն հայրը՝ Արամազդը՝ 15րդ օրը, ծննդաբերութեան, մայրութեան եւ պտղաբերութեան դիցուհին Անահիտը՝ 19րդ օրը, հեթանոս հայոց սրբազնագոյն լեռը՝ Նպատը, որուն ստորոտին Արածանի գետի ափին տեղի կ՛ունենային Ամանորի տօնակատարութիւնները՝ ամսուն 26րդ օրն էր, իսկ ռազմի, քաջութեան, յաղթանակի եւ ամպրոպի մեր աստուածը՝ Վահագնը կը գրաւէր օրացոյցին իւրաքանչիւր ամսուան 27րդ օրը:
Բագաւանի Քարերը Ո՞ւր Գացին
Յարգելի ընթերցող, երբ Արածանիի եւ Նպատ լերան մասին խօսինք, չենք կրնար չյիշել Բագաւանի տաճարը: Նպատ լերան հիւսիսային ստորոտին, Արածանի սրբազան գետի ափին կը գտնուէր հեթանոս հայերու Բագաւան հոգեւոր կեդրոնը, պաշտամունքի վայրը իր տաճարով: Քրիստոնէութեան՝ իբրեւ պետական կրօնք հռչակումէն ետք, անիկա կործանուեցաւ եւ տեղը 631-639 թուականներուն հիմնուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եռախորան, գմբէթաւոր պազիլիք (երկար քառանկիւնաձեւ եկեղեցի) տեսակի տաճարը: Իր 27×46 մ. չափերով, անիկա հայկական աշխարհի ամէնէն մեծ եկեղեցիներէն մէկն էր: Տաճարը կանգուն մնաց մինչեւ 1950ականները, ապա անիկա կործանուեցաւ եւ քարերուն մէկ մասը գործածուեցաւ այժմ այդ հսկայ տաճարի տարածքի վրայ գտնուող Թաշթէքէր գիւղի տուներու շինութեան: Միւս կէ՞սը… Աղրը քաղաքին մէջ, 1952ին կառուցուած «Մէրքէզ» մզկիթն էր անիկա: Այս վերջինն ալ, Աղրըի քաղաքապետարանին որոշումով, – թէ երկրաշարժի դէմ դիմացկուն չէր – , 2021ին քանդուեցաւ եւ տեղը շինուեցաւ նորը:
Կը ներէք, ժամը քանի՞ է:
Բաւական:
Յարգելի ընթերցող, եթէ ձեզի հարցնեմ, թէ ժամը քանի՞ է, ձեր պատասխանը պիտի ըլլայ թիւ մը՝ 1էն մինչեւ 12: Մերօրեայ աշխարհին մէջ, օրուան ժամերը թուարկուած են: Նոր աշխարհի մեծ քաղաքներու հրապարակներու վրայ 19րդ դարուն յայտնուած քաղաքային ժամացոյցներու զանգերու թիւէն ալ կը հասկնանք, թէ ժամը քանի է: Մինչդեռ, հին Հայաստանի մէջ, օրուան 24 ժամերը անուանուած էին: Անոնք յատուկ անուններ էին, որոնք ճշգրտօրէն ցոյց կու տային, թէ երկնակամարին վրայ ո՛ւր էր եւ որքան լոյս կը սփռէր լուսինը՝ գիշերային ժամերուն եւ արեգակը՝ ցերեկային ժամերուն: Այդ անունները խիստ պատկերաւոր են: Ահա՛ քանի մը օրինակներ՝ գիշերային ժամեր՝ Խաւարական, Աղջամուղջ, Բաւական, Լուսաճեմ, Լուսափայլ. ցերեկային ժամեր՝ Այգ, Ճառագայթեալ, Երկրատես, Հրակաթ, Հուրթափեալ… Նկատեցի՞ք, թէ այդ ժամերուն քանի մը հատը այսօր աշխարհաբարի մէջ կը գործածենք իբրեւ հասարակ անուններ:
Հարաւային Պատը
Եթէ դուք չունիք ժամացոյց (կամ բջիջային հեռաձայն), պարզապէս ձեր աչքերը յառեցէք հայկական եկեղեցւոյ մը հարաւային պատին (Հայաստան հիւսիսային կիսագունդին վրայ կը գտնուի, առ այդ, շէնքերու հարաւային պատերը արեւ կը տեսնեն)։ Հոն պիտի նկատէք իբրեւ պատի մաս՝ անոր մէջ ագուցուած կիսակլոր նրբաքանդակ քար մը: Անիկա էր հին Հայաստանի ժամացոյցը: Անիկա փիցցայի մը պէս ունի 12 հաւասար շերտեր՝ Աէն մինչեւ ԺԲ, եւ գամ մը՝ անոնց կեդրոնը: Արեւածագին գամին շուքը կ՛իյնայ Աին վրայ: Ասիկա Այգ-ն է՝ օրուան առաջին ժամը: Մայրամուտին նոյն շուքը կը հասնի ԺԲին, ապա հրաժեշտ կու տայ մեզի: Ասիկա ցերեկային 12րդ ժամն է՝ Արփողն:
Յարգելի ընթերցող, կ՛արժէ նաեւ յիշել, թէ հին աշխարհի մէջ, մինչեւ 19րդ դարը, օրը կը դառնար ո՛չ թէ կէս գիշերին այլ մայրամուտին: Արփողի ժամուն, այսինքն ծիրանի լոյս մայրամուտին էր, որ Ուրբաթը կը դառնար Շաբաթ, եւ Շաբաթը՝ Կիրակի:
Ինչո՞ւ 4516
Ըստ Հ. Ալիշանի եւ այլ պատմաբաններու՝ Հայկ նահապետի եւ Բելի պատերազմը տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 2492 թուականին, 11 Օգոստոսին: Այդ օրը ծնունդն է հայ ազգին եւ հայոց հին տոմարին: Այսինքն 11 Օգոստոսը Նաւասարդի առաջին օրն է: Գեղեցիկ է տեսնել, թէ հայկական գեղարուեստական օրացոյցներու վրայ պահպանուած է 4516 (2492+2024) տարեթիւը: Իսկ Նաւասարդեան խաղերը մինչեւ այսօր հայկական գաղութներու մէջ, մարզադաշտերու վրայ, կը համախմբէ հայ պատանիները՝ պահելով իր հնադարեան անունը:
Բոլորիդ շնորհաւոր Ամանոր: