Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ որեւէ ձեւաչափով. այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց իբրեւ պատասխան «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան հարցումին` ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի ապագային եւ անոր շուրջ ամերիկեան կողմի դիրքորոշումին վերաբերեալ:
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն` հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրին: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու երկու կողմերուն հետ որեւէ ձեւաչափով, որուն շուրջ կողմերը կրնան գալ համաձայնութեան, եւ ուր կրնան յառաջընթաց արձանագրել», յայտնեցին նախարարութենէն:
Պաքուէն պարբերաբար կը հնչեն Մինսքի խմբակը լուծելու պահանջներ. Հայաստանէն ակնկալուող քայլերուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահը Յուլիսի վերջը Սահմանադրութեան փոփոխութենէն բացի նաեւ Մինսքի խմբակը միասնաբար լուծարելու պահանջ դրաւ:
Իսկ Երեւան վերջերս յայտարարեց, թէ հայկական կողմը Մինսքի հոլովոյթի շարունակականութեան հարցը կրնայ դիտարկել նախ եւ առաջ` խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ծիրին մէջ: