Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նասեր Քենաանի յայտարարեց, որ Իրան դրական վերաբերում չունի Հայաստանի մէջ ամերիկեան ներկայութեան, նոյն ատեն աւելցնելով, թէ Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները բաւական սերտ են եւ կառուցողական։
«Սակայն մենք համաձայն չենք տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութեան։ Այդ կապակցութեամբ մենք մեր մտահոգութիւնը յայտնած ենք մեր հայ գործընկերներուն», նշեց Քենաանի։