Մոսկուա բարկացած է Երեւանէն իր արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը քննադատելուն համար: 21 Օգոստոսին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Երեւանի արձագանգը՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի` եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարման մասին յայտարարութեան, կը յուշէ, որ Հայաստան սեփական սխալներուն եւ ռազմավարական սխալ հաշիւներուն համար կը փորձէ Ռուսիան մեղադրել։
Յիշեցնենք, որ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Սիւնիքէն անցնող հաղորդակցութեան ուղիներու հարցով մեղադրեց Երեւանը՝ յայտնելով, որ Հայաստան եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները կը խափանէ (սապոթաժի կ՛ենթարկէ), նաեւ կասկածի տակ կը դնէ Ռուսիոյ կառուցողական ներգրաւուածութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այսպիսով Երեւան, ըստ էութեան, նաեւ կը մերժէ նախագահ Փութինի` քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ ներկայացուցած առաջարկը` աջակցիլ կողմերուն խաղաղութեան գործընթացին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց Լաւրովին՝ նշելով. «Երբեմնի միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած, 2020թ. Նոյեմբերի 9ի յայտարարութիւնը ստորագրած, դրա հիման վրայ տարածաշրջանում խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայած պետութեան ԱԳ նախարարը չի կարող չտեսնել, որ չկայ այդ յայտարարութեան գէթ մէկ առանցքային կէտ, որն անդառնալիօրէն խախտուած չլինի` չնայած դրա ներքոյ ՌԴ ստորագրութեանը եւ դրանով նախատեսուած գործընթացներում ՌԴ մասնակցութեանն ու պատասխանատուութեանը»:
Նախարարութիւնը կու տայ, որ «քաջատեղեակ է, որ հրապարակային փաստաթղթերից դուրս` Հայաստանը որեւէ այլ պայմանաւորուածութեան մաս չի կազմում, հետեւաբար չի կարող սաբոտաժի ենթարկել դրանք»:
Զախարովա յիշեցուց 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ համաձայնագիրի 9րդ կէտին մասին եւ պնդեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ «մեծ աշխատանք տարուած է»:
«Երեւան ետդարձ կատարեց աւելի կանուխ համաձայնեցուած դիրքերէն եւ սկսաւ պնդել, ինչպէս իրենք կը ձեւակերպեն` փոխադարձութիւն ռուս սահմանապահներու ներկայութեան հարցով, պահանջելով, որ անոնք ըլլան ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ ատրպէյճանական կողմին մէջ: Անհասկնալի է, թէ ինչի յղում կը կատարէին», յայտարարեց Զախարովա` աւելցնելով. «Հայաստանի ներկայացուցիչները հրաժարեցան համաձայնեցնել Ռուսիոյ ապահովական սահմանային ծառայութեան կողմէ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու վերահսկողութիւնը»:
Զախարովա նաեւ հաստատեց, որ Ռուսիոյ նախագահին` Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ հաշտեցման նիւթը:
Ան նշեց, որ այս ուղղութեամբ Ռուսիոյ բոլոր ջանքերը կը համապատասխանեն յատուկ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին` թէ՛ Պաքուի եւ թէ Երեւանի հետ՝ հիմնուած պատմական եւ մշակութային ընդհանուր արժէքներու վրայ:
«Խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութիւնը կարեւորագոյն պայմանն է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար: Մեր երկիրը բոլոր մակարդակներու վրայ յայտարարած է, թէ շահագրգռուած է, որ անիկա գործադրուի եղածին չափ շուտ: Անիկա հաստատուած է անձամբ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ, որ յայտնեց նաեւ իր մտադրութեան մասին` Պաքու կատարած այցելութենէն ետք կապ հաստատել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` շարունակելու հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ երկխօսութիւնը: Մենք պատրաստ ենք օժանդակելու կողմերուն` եռակողմ պայմանաւորուածութեան ծիրին մէջ», նշեց Զախարովա:
Անդրադառնալով ՀԱՊԿի նախաձեռնութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան` ան նշեց, որ ՀԱՊԿի դռները միշտ բաց են եւ, ըստ իրեն, այդ կառոյցէն բացի Հայաստանի համար ապահովական այլ երաշխաւոր չկայ:
Զախարովա խօսեցաւ նաեւ վերջին շրջանին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին լարուածութեան հաւանական աճին վերաբերող տեղեկատուութեան մասին եւ ըսաւ, որ իրենք պարբերաբար երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ բոլոր վիճայարոյց հարցերը լուծելու բացառապէս խաղաղ եւ դիւանագիտական ուղիով: