
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէն Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոսի երեկոյեան հիւրընկալեց համայնքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպում մը Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։
Ներկայ էին ՀՅԴ կոմիտէներու անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, ՀԵԴի եւ Պատանեկանի վարչութիւններու, Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
Հանդիպումին ընթացքին, համայնքի առաւել քան 150 ներկայացուցիչներ առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող զանազան կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ կարծիքներ փոխանակեցին միջհամայնքային համագործակցութիւնը սերտացնելու գծով։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեանի պատգամին կիզակէտը միասնականութեան ամրապնդումը եւ համագործակցութեան սերտացումն էր։ Ան շեշտեց, թէ յատկապէս այս հանգրուանին, համայնքի բոլոր ուժերը պէտք է համախմբել, առաւելագոյն ճիգով դէմ դնելու համար հայութեան դիմագրաւած այլազան մարտահրաւէրներուն։
Ան շեշտեց, որ միայն մեր կարելիութիւններուն ամբողջական եւ միացեալ օգտագործումով կարելի պիտի ըլլայ հայ ազգի արդար իրաւունքները պաշտպանել։
Մատէնլեան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին ամբողջական նեցուկը խոստացաւ ներկայ կազմակերպութիւններուն զանազան նախաձեռնութիւններուն եւ կոչ ըրաւ բոլորին՝ իրարու աջակցելու, Հայկական Հարցին ջատագովումը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար։
Հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Թովմասեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց»ձեր տունը«՝ շեշտելով, որ շրջանի Հայ կեդրոնները պարզապէս հաւաքավայրեր չեն, այլ հոն գործող կազմակերպութիւններուն եւ անոնց անդամներուն տունը կը հանդիսանան։
Հաւաքին ընթացքին ներկաները վայելեցին String Harmonies-ի կատարումները։