Առաջին Հայ Կին Շարականագիրի Քաղցրալուր Պատմութիւնը
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Կիրակի օր տօնեցինք Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնը: Շնորհաւորեցինք Մարիամներու, Բերկրուհիներու, Իսկուհիներու, Երանուհիներու, Թագուհիներու, Սրբուհիներու, Մաքրուհիներու եւ Տիրուհիներու տօնը: Ես ալ, վայելելէ ետք տարուայ առաջին խաղողը, փափաքեցայ այս անզուգական տօնին գրական մասնակցութիւնս բերել: Այսօր, յարգելի ընթերցող, մեր զրոյցի հիւրն է 8րդ դարու բանաստեղծ, երաժիշտ, մենակեաց կոյս մը, որ ուխտ ըրաւ, մազերը կտրեց, քարայրի մէջ ապրեցաւ եւ կեանքը նուիրեց Տիրամօր: Անո՞ւնն անոր… Մնայ անյայտ, քանզի ի՛նքն ալ Աստուածածնին նուիրած երգի մէջ ծածկեր է զայն: Խնդրեմ դուք հիմա թուղթ եւ մատիտ առէք, որպէսզի յօդուածիս վերջաւորութեան հանելուկի նման յայտնաբերենք անոր սիրելի անունը: Իսկ եթէ միջնադարեան գրենական մշակոյթի հանդէպ յատուկ սէր ունիք, թուղթի փոխարէն մագաղաթ, մատիտի փոխարէն ալ նուրբ փետրագրիչ եւ թաս մըն ալ մելան դրէք ձեր սեղանի վրայ:
ԵՐԿՈՒ ՍԻՒՆԵՑԻ
Դժուար է հաւատալ, թէ Ը. դարուն աղջիկ զաւակ մը կրթութիւն ստացած ըլլայ: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջավայրի մէջ այս երիտասարդուհին տիրացաւ բարձր ուսման եւ գեղեցկօրէն արտայայտեց իր գրական շնորհները… Հայր եւ աւագ եղբայր: Պատմութեան յայտնի երկու սիւնեցիներ, որոնց շնորհիւ ունեցանք շարականներու եւ կցուրդներու հեղինակ այս հմուտ երաժիշտը: Նախ ծանօթանանք ընտանիքի այդ երկու անդամներուն:
ԴՈՒԻՆԻ ԱՒԱԳՆԵՐԸ
Մեր շնորհալի միանձնուհիին հայրը Սահակ Սիւնեցին է, Դուինի կաթողիկոսարանի աւագերէցը, իսկ անոր որդին՝ Ստեփանոս Սիւնեցի, քերականագէտ էր, եկեղեցական գործիչ, թարգմանիչ, բանաստեղծ եւ երաժիշտ. ապրեցաւ 685-735 թուականներուն, թարգմանիչն է յունական եւ լատինական քերականական ու աստուածաբանական գիրքերու եւ հեղինակն է 90ի չափ յայտնի շարականներու: Անոր շնորհիւ է, որ հայկական հոգեւոր երգը ունեցաւ նոր հնչեղութիւն: Ան նաեւ «կը կարգէր եւ կը շարէր» շարականները, կը կանոնաւորէր ժամակարգութիւնը, կը դասաւորէր հայ հին երաժշտութեան ձայներն ու եղանակները: Այսպիսով Ստեփանոս Սիւնեցի կը հարստացնէր հայկական եկեղեցւոյ երաժշտական գանձարանը: Վերջապէս, բարձրագոյն դպրոցներու մէջ ան կը սորվեցնէր հայոց քաղցրալուր մեղեդիները: Ահա այդ ընտանիքին եւ միջավայրին մէջ հասակ նետեց դուստր Սիւնեցին:
ԿՏՐԵՑԻ ՄԱԶԵՐՍ
Երաժիշտ միանձնուհին մանուկ հասակին ուխտ կատարեց եւ ստացաւ՝ «զվարս կուսութեան»: Ապա, առանձնացաւ Գառնիի ձորի խորերը, Այրիվանքի մերձաւորութեամբ քարայրի մը մէջ եւ ապրեցաւ կուսական վարքով, ապրեցաւ որպէս ճգնաւոր եւ հոն ալ կնքեց իր մահկանացուն: Իբրեւ հմուտ երաժիշտ եւ բանաստեղծ՝ յօրինեց ծննդեան եւ փոխման կցուրդներ եւ «քաղցրեղանակ» ու հոգեթով մեղեդիներ՝ դառնալով երկու առաջին հայ կին շարականագիրներէն մէկը (միւսը՝ Խոսրովիդուխտ Գողթնացի), ունեցաւ մանուկ աշակերտներ ու անոնց դասաւանդեց վարագոյրի ետեւ նստած՝ «ի ներքս վարագոյրին»: 13րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի հաղորդմամբ՝ ան «յոյժ հմուտ էր երաժշտական արուեստին»:
ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՊ ԽՕՍՔԵՐ
Այդ օրերուն այրաբնակ կոյսը իր անունով հոգեւոր երգ մը յօրինեց եւ զայն ձօնեց Սրբուհի Մարիամին: Երգի իւրաքանչիւր տունը ունի նոյն աւարտը. «Օրհնեա՛լ ես դու ի կանայս, / Բերկրեալ տիրամայր եւ կոյս»: Անուանակապ է այդ երգը: Անոր տասը տուներուն սկսզբնատառերը եթէ կարդանք վերէն վար, կը յայտնուի հեղինակին անունը: Ուրեմն, յարգելի ընթերցող, եթէ պատրաստ են ձեր մատիտները – կամ փետրագրիչները – այժմ տամ իւրաքանչիւր տողի բառերը եւ դուք գտէք շարականագիր երաժշտուհիին անունը. Սրբուհի Մարիամ… Անդաստան հոգեւոր… Հաստատութիւն երկնի եւ երկրի… Աստանօր… Կենացն փայտիւն… Դուռն երկնից… Ուրախ լեր… ՛Իւթական… Խորհուրդ կենաց… Տուք զփառս բարձունս… Ահա ՍԱՀԱԿԴՈՒԽՏ անունը, աւելի պատմական եւ պաշտօնական ձեւով՝ Սահակդուխտ Սիւնեցի: Յիշեցնեմ, որ երգին եղանակը մեզի չէ հասած: Բանաստեղծութիւնը յոյժ պատկերաւոր է: Սահակդուխտը իր քերթուածին մէջ Տիրամայրը անուանած է «Անապական տաճար», «Անդաստան հոգեւոր», «Համապայծառ ծաղիկ», «Խաղաղութեանց միջնորդ» եւ այլն:
ԳԵՂԱՁԱՅՆ ՍՐԱՀԸ
Անոնք, որոնք Հայաստան ճամբորդելու առիթ դեռ չեն ունեցած, փոքր բացատրութիւն մը տամ, թէ Գեղարդի վանքը, կամ՝ Այրիվանքը, ինչպէս որ յայտնի էր նախապէս, ժայռափոր համալիր է: Անիկա ունի մէջ-մէջի մտած սրահներ՝ կիսամութ եւ խորհրդաւոր: Անոր սեւ պատերուն վրայ կը տեսնէք բարձրաքանդակ խաչեր, իշխանական նշաններ եւ սիւներու վրայ փորագրուած յիշատակարաններ: Այդ սրահներէն մեզ կը հետաքրքրէ այն, որ կարելի է որակել՝ «գեղաձայն»: Չորս սիւնի վրայ կանգնած լայն տարածք մըն է ան: Ձեղունի փոքր լուսամուտէն կ՛իջնէ լոյսի փունջ մը եւ կը լուսաւորէ զայն: Անիկա ունի այնպիսի կառուցուածք, որ ձայները կը ստանան մեղմ արձագանգ: Անոնք նախ ալիք-ալիք կը տարածուին սրահին մէջ, ապա պատուհանէ մը իջնելով վար՝ կը լեցնեն եկեղեցւոյ աղօթասրահը: Երեւակայելի է, որ Սահակդուխտը այդ սրահին մէջ կը կատարէր իր եւ իր եղբօր երգերը՝ զմայլելով ունկնդիրները: Այսօր, մայրաքաղաքէն ժամանած արհեստավարժ երգիչներ հայկական հոգեւոր երգի նմոյշներ կը կատարեն նոյն սրահին մէջ, հիացնելով զբօսաշրջիկները, որոնք սովորաբար իրենց աչքերը փակ կ՛ունկնդրեն այդ քաղցր եղանակները: Իսկ հիմա հարցնենք մենք մեզի. ո՞ւր կ՛առանձնանար Սահակդուխտը, ո՞ւր կը մտամփոփուէր ու կը յօրինէր իր կցուրդները եւ շարականները, երբ արարողութիւնը աւարտէր: Այս հարցումը իր պատասխանը գտաւ հազիւ երկու տարի առաջ՝ պատահաբար, պատմական հետազօտութեան մը ժամանակ:
ՔԱՐԱՅՐԻ ԳԻՒՏԸ
Երկու տարի առաջ, յարգելի ընթերցող, հայրենի մամուլին մէջ յայտնուեցաւ զգայացունց լուր մը: Գիւտ մը կատարուած էր Գառնիի ձորին մէջ: Նախ լսենք լուրը. «Գառնիի ձորում յայտնաբերուած շինութեան հատուածը ոչ այլ ինչ է, քան Սահակդուխտի երաժշտական դպրոցը»: Մենք, ապա տեղեկացանք, թէ ձորին մէջ հնագիտական արշաւանքի մը ժամանակ, աշխարհահռչակ վանքի ստորոտին, Ազատ գետի կիրճին մէջ, վանքէն ո՛չ շատ հեռու յայտնաբերուած են սրբատաշ քարերու կանոնաւոր շարուածքով շինութեան մը հետքեր: Հետազօտողները եկած են այն ենթադրութեան, թէ այդ հսկայական քարերը ժամանակակից են Գառնիի ամրոցին, եւ այդ վայրը նախ եղեր է ձորամիջեան ճանապարհի անցակէտ, իսկ յետագային, 8րդ դարուն, Սահակդուխտի ժամանակ, վերանորոգուած եւ վերածուած է երաժշտական դպրոցի: Անշուշտ այս վերջինը վարկած է, սակայն գեղեցիկ է կարծել, որ գտնուած է Սահակդուխտի «դպրոցը», ինչպէս նաեւ բարձր քարափներու մէջ կոյսի կեցութեան քարանձաւը, որ մինչեւ այսօր տեղացիներուն կողմէ կը կոչուի «Ճգնաւորի քարայր»:
ՈՍԿԻ ՍԱՓՈՐԸ
Յարգելի ընթերցող, խորհրդաւոր են հայկական բառերը, որոնց մասին պիտի շարունակեմ գրել: Բայց, նոյնքան խորհրդաւոր են այն անձերը եւ վայրերը, ներառեալ Գեղարդի «գեղաձայն» սրահը, ուր այդ բառերը վայելչօրէն հնչած են եւ հասած մեր օրերուն: Այժմ ձեզի հրաժեշտ կու տամ՝ մէջբերելով Աստուածամօր ձօնուած «Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի» շարականը, որուն ընդմէջէն տակաւին լսելի է հեղինակ կոյսին հրեշտակային եւ «քաղցրեղանակ» ձայնը: Յաջորդ յօդուածիս մէջ դուք կը լսէք մէկ այլ հայկական բառի հնչեղ եւ խորհրդաւոր պատմութիւնը…։ Կը շնորհաւորեմ բոլոր Մարիամներուն, Բերկրուհիներուն, Իսկուհիներուն, Երանուհիներուն, Թագուհիներուն, Սրբուհիներուն, Մաքրուհիներուն եւ Տիրուհիներուն անուան տօնը:
«Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի
եւ տապանակ կտակարանաց:
Որ զ՛ի վերուստ զհացն կենաց՝
Պարգեւեցեր քաղցեալ բնութեանս:
Առ նա միշտ բարեխօսեա՛
Վասն քաւութեան մեղաց մերոց»: