
Գորիսի աւագանին 20 Օգոստոսի արտակարգ իր նիստին ընթացքին քննարկեց եւ մերժեց Դատաքննութեան (Պրոբացիայի) ծառայութեան գրութիւնը, որմով պէտք է դադրեցուէին համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեանի լիազօրութիւնները:
Արդարադատութեան նախարարութեան Դատաքննութեան ծառայութեան Սիւնիքի մարզային մարմինի պետ Անդրէյ Գրիգորեան 16 Օգոստոսին, Գորիս համայնքի աւագանիին ուղարկեց Առուշանեանի վերաբերեալ նոյն մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ 28 Մարտ 2022ին տուած դատավճիռը՝ անոր գործադրութիւնը ապահովելու նպատակով:
Առուշ Առուշանեան 28 Մարտ 2022ին դատարանին վճիռով մեղաւոր նկատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ բանտարկութեան՝ 1 տարի 6 ամիս ժամկէտով, բացի այդ, Առուշանեանի նկատմամբ իբրեւ պատիժ կիրարկուեցաւ տուգանքը եւ 5 տարի ժամկէտով Տեղական ինքնակառավարման մարմինի ղեկավար պաշտօն վարելու սահմանափակումը:
Վճիռը բողոքարկուեցաւ վերադաս ատեաններուն մէջ, սակայն՝ ապարդիւն, իսկ այս տարուան 24 Յուլիսին անիկա ուժի մէջ մտաւ:
Արդարադատութեան նախարարութեան բանբեր Նորայր Շողիկեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ Առուշանեան հրաւիրուած է Պրոբացիայի ծառայութիւն, անոր ներկայացուած է դատական վճիռ, ըստ որուն, ան տուգանուած է 700 հազար դրամով, ան պէտք է անցնի 1.5 տարի փորձաշրջան մը, ինչպէս նաեւ 5 տարիներ չի կրնար վարել համայնքային պաշտօններ:
Սակայն, աւագանին արտակարգ նիստին արձանագրեց, որ Առուշանեանի պաշտօնավարումը դադրեցնելու լիազօրութիւն չունի:
«Համամասնական ընտրակարգով ընտրուող աւագանի ունեցող համայնքներում ՏԻՄ առանձնայատկութիւնները սահմանող իրաւադրոյթներով առհասարակ դատական ակտերի (կանոններու) հիման վրայ լիազօրութիւնների վաղաժամկէտ դադարման հիմք կամ ընթացակարգ չի նախատեսուել, իսկ գրութեամբ հայցուող գործողութիւնը դուրս է աւագանու լիազօրութիւնների շրջանակից, ուստի «որոշակի պաշտօններ զբաղեցնելու իրաւունքից զրկելու պատժատեսակը» համայնքի ղեկավարին պաշտօնանկ անելու օրէնքով նախատեսուած հիմք չէ, ուստի պրոբացիայի ծառայութեան գրութեան պահանջներն աւագանու գործառոյթներից դուրս են», կ՛ըսուի աւագանիի արձանագրութեան մէջ:
Գորիսի աւագանիի որոշումէն երեք օր ետք, Արդարադատութեան նախարարութեան Պրոբացիայի ծառայութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուց դատարանին՝ քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը բանտարկելու համար:
«Որեւէ մէկս իրաւասութիւն չունի չկատարելու դատավճիռը: Դատավճռով սահմանուած է եղել ազատազրկման ձեւով կրելու պատիժ, եթէ չեմ սխալւում՝ 1 տարի 3 ամիս ժամկէտով, կոնկրետ (ճիշդ) յանցագործութիւններից մէկի վերաբերեալ, որովհետեւ պարոն Առուշանեանը դատապարտուել է երեք յանցագործութիւնների համար, որոնք կատարուել են: Եւ այս դէպքում ստացւում է, որ դատավճիռը պայմանականօրէն չի կատարուել միայն դատարանի որոշման հիման վրայ, եւ պայմանականօրէն չկիրառելու հետ կապուած որոշումը նոյնպէս հնարաւոր է արդէն վիճարկել դատարանում, որի վերաբերեալ մեր Պրոբացիայի ծառայութիւնը պարտաւոր էր կազմել արձանագրութիւն չկատարման հիմքով եւ ներկայացնել միջնորդութիւն դատարան՝ տուեալ որոշումը վերացնելու եւ պայմանական դատապարտումը իրականի փոխարինելու մասին», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց արդարադատութեան փոխնախարար Արմենուհի Յարութիւնեան:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Առուշանեան, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նկատած է «չարիք», իրաւապահներու տեսադաշտին մէջ յայտնուեցաւ Դեկտեմբեր 2020ին, երբ սիւնեցիներուն կոչ ուղղեց՝ արգիլելու վարչապետ Փաշինեանի մարզը մտնելը: Հետագային տարբեր յօդուածներով անոր դէմ մեղադրանքներ առաջադրուեցան, որոշ դրոյթներով Առուշանեան արդարացուեցաւ: Բայց բանտէն դուրս գալէ ետք, ան դադրեցուց քննադատել Փաշինեանը՝ յայտարարելով, թէ ժողովուրդը ընտրած է զայն:
2021ի արտակարգ ընտրութիւններուն, «Հայաստան» դաշինքով պատգամաւոր ընտրուած, ապա աթոռէն հրաժարած Առուշանեան 22 Օգոստոսին կրկնեց, որ ինք «քաղաքականութեամբ չի զբաղւում, ուստի չի կարող քաղաքական պատուերով դատուել»: