Ըստ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան՝ Թուրքիա հորատող նաւ մը պիտի ուղարկէ Ափրիկէ՝ Սոմալիոյ շրջակայքը քարիւղ փնտռելու գործողութիւններու համար։ Նախատեսուած է հորատման սկսիլ յառաջիկայ ամիսներուն։
Տեղեկատուութեան զուգահեռ կը նշուի, որ Թուրքիա ափրիկեան առնուազն 11 պետութիւններու անօդաչու թռչող սարքեր կը մատակարարէ եւ նոյն ատեն կը համագործակցի այլ ոլորտներու մէջ։
«Պլումպըրկ»ը կը նշէ, որ Թուրքիա այս քայլերով կ՛ուզէ խորացնել իր ազդեցութեան գօտիները՝ այդպիսով ամրապնդելով իր ուժանիւթային ապահովութիւնը։
«Պլումպըրկ»ը նաեւ հրապարակած է տուեալներ դէպի ափրիկեան երկիրներ կատարուած թրքական արտածումներու մասին։ 2002ին արտածումներու տարողութիւնը 30.6 միլիառ տոլար էր, իսկ 2023ին՝ 28.6 միլիառ տոլար։
Դիտել կը տրուի, որ ապրանքները մեծ մասամբ արտածուած են դէպի Եգիպտոս, Մարոք, Հարաւային Ափրիկէ եւ Նիճերիա։