Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Իրանցի նորանշանակ իր պաշտօնակից Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ, շնորհաւորեց զայն՝ իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ իրանեան կողմին՝ Արաղչի ըսաւ, որ Թեհրան պիտի շարունակէ աւելի սերտ կապեր հաստատել Երեւանի հետ եւ աջակցիլ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան՝ հաստատելով, որ դէմ է միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։
Ան շեշտեց, որ տարածաշրջանին նկատմամբ Իրանի քաղաքականութիւնը անփոփոխ պիտի մնայ։ Արաղչի աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն՝ դիտել տալով, որ Իրան պատրաստակամ է աջակցելու կայուն խաղաղութեան ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։
Միրզոյեան իր կարգին նշեց, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անխախտելիութեան նկատմամբ Իրանի հաստատուն դիրքորոշումը:
Միրզոյեան եւ Արաղչի քննարկեցին Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով բարեկամական կապերու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ ամուր գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու պատրաստակամութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: