Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած խօսքով մը անդրադարձաւ Կիրակի առաւօտեան Իսրայէլի դէմ շղթայազերծուած գործողութեան:
Անդրադառնալով Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութեան ուշացումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց. «Հակադարձելու համար սպասեցինք, որպէսզի առիթ ընծայենք (Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման) բանակցութիւններուն, որովհետեւ արդէն մեր նպատակը Կազայի վրայ յարձակումը դադրեցնելն է: Որոշեցինք, որ մեր հակադարձութեան թիրախը ըլլայ զինուորական եւ կապ ունենայ սէյիտ Շուքրի ահաբեկման հետ, եւ ոչ թէ քաղաքային կամ ենթակառուցային ըլլայ»։
Նասրալլա յայտնեց, որ իբրեւ Իսրայէլի խորքին մէջ գործողութեան հիմնական թիրախ ճշդած են զինուորական հետախուզութեան «Կալիլոթ» ռազմակայանը, որ Լիբանանէն 110 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ան նշեց, որ ըստ իրենց տեղեկութիւններուն, շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր հարուածած են Թել Աւիւի մօտ գտնուող իրենց թիրախները, «սակայն թշնամին այդ մասին լուռ կը մնայ»:
Ան ըսաւ, թէ ի սկզբանէ որոշուած էր անօդաչու թռչող սարքերուն անցքը դիւրացնելու համար 300 հրթիռներ արձակել, սակայն 340 հրթիռներ արձակած են` ընդգծելով, որ իսրայէլեան պնդումը, թէ կանխարգելիչ հարուածներ հասցուցած են, բացարձակ սուտ է:
«Մեր գործողութիւնը աւարտեցաւ ինչպէս որ ծրագրուած էր եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով», յայտարարեց «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարը եւ ըսաւ, որ թշնամին «Հըզպալլա»ի զինեալներուն շարժումները զգացած է եւ սկսած իր օդային յարձակումին, որ ծրագրուած գործողութեան վրայ որեւէ ազդեցութիւն չէ ունեցած:
Նասրալլա յայտնեց, որ պիտի հետեւին Իսրայէլի մէջ թիրախաւորուած երկու ռազմակայաններուն, մասնաւորաբար «Կալիլոթ»ի վրայ յարձակումին արդիւնքներուն:
«Եթէ արդիւնքը գոհացուցիչ ըլլայ եւ ճշդուած նպատակը իրագործուի, ապա հակադարձութեան գործողութիւնը աւարտած պիտի նկատենք, իսկ եթէ արդիւնքը բաւարար չէ, ապա հակադարձելու իրաւունքի իրականացումը այլ ատենուան պիտի պահենք», ըսաւ ան։