Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի զգալը մասը համաձայնեցուած է։
«Հակառակ այն հանգամանքին, որ բանակցային գործընթացին մէջ կը նկատուի դրական տեղաշարժ մը, եւ համաձայնեցուած է պայմանագիրի նախագիծի զգալի մասը, Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ շարք մը այլ իրաւական դրոյթներու մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային պահանջները տակաւին կը պահպանուին», ըսաւ Պայրամով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Քորէա Թայմզ» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Սահմանադրական փոփոխութեան վերաբերող Ատրպէյճանի նախապայմանին ակնարկեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին մշակումը մօտ է իր աւարտին, սակայն «մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ անիկա յարատեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»։
«Խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման ճամբուն վրայ մնացած խոչընդոտը Ատրպէյճանի տարածքին նկատմամբ Հայաստանի սահմանադրական պահանջն է: Երբ այս հարցը լուծուի, մենք կրնանք յառաջ շարժիլ», ըսաւ Ամիրպեքով։
Ան նաեւ բացառեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդներու մասնակցութեամբ բանակցութիւններու կազմակերպումը: «Մենք չենք ակնկալեր, որ ոեւէ միջազգային կազմակերպութիւն կամ երրորդ կողմ ուղղակի դերակատարութիւն կարենայ ունենալ, խաղաղութեան ճանապարհին երկու պետութիւններուն աջակցելէն բացի»:
Ամիրպեքով նաեւ նշեց, որ Պաքու կ՛ակնկալէ ականազերծման հարցով Հարաւային Քորէայի աջակցութիւնը: «Ատրպէյճանի տարածքին 12 տոկոսը ականապատուած էր: Վերջին տարիներուն կարելի եղաւ ականազերծել այդ տարածքներուն միայն 13 տոկոսը: Այդ պատճառով, 800 հազար ներքին տեղահանուածներէն իրենց տուները վերադարձած են միայն 8 հազարը», նշեց Ամիրպեքով։