«Նուբարաշէն» բանտին մէջ մահացաւ «Հոկտեմբերի 27»ի գործով ցմահ դատապարտեալ Աշոտ Կնեազեան, նախնական վարկածով` սիրտի կաթուածի պատճառով։
20 տարուան բանտարկութենէ ետք, Կնեազեան քանի մը անգամ դիմեց ներման խնդրանքով, վերջինը` այս տարուան Յունիսին, սակայն դատարանը մերժեց: Ան երկու օր առաջ բանտի մէջ մահացաւ։
«Ինքնազգացողութեան վատթարացման պատճառով Օգոստոսի 26ին ժամը 19:05ի սահմաններում կանչուել է շտապօգնութիւն, ժամը 19:35ի սահմաններում շտապօգնութեան անձնակազմի կողմից արձանագրուել է ցմահ դատապարտեալի կենսաբանական մահը», ըսաւ «Նուբարաշէն» բանտի բանբեր Նոնա Նաւիկեան։
65ամեայ Կնեազեան անդամներէն մէկն է Նայիրի Յունանեանի խումբին, որ շուրջ 25 տարի առաջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանին ընթացքին ներխուժեց Ազգային ժողով եւ սպաննեց վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, Ազգային ժողովի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լէոնարդ Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ վիրաւորեց 8 այլ անձեր: