Անցնող շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի հայկական համայնքը ապրեցաւ յիշատակելի պահեր, երբ Շաբաթ, 24 Օգոստոսի կէսօրին իր շրջանին մէջ հիւրընկալեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հովուական այցելութիւնը:
Սրբազանը ընդունուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանի, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի Արփի Աբգարեանի կողմէ, որոնք մնայուն ընկերակիցները եղան առաջնորդին երկօրեայ այցելութեան:
Նոյն օրը, Գեղամ արքեպիսկոպոսը եւ ընկերակիցները այցելեցին Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ զետեղուած, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ, ապա ուղղուեցան տեղւոյն հայկական գերեզմանատունը, ուր ննջեցեալներու հոգւոյն խաղաղութեան համար կատարուեցաւ աղօթք եւ ծաղիկներ զետեղուեցան ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի, գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի, պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի եւ այլ մեծութիւններու շիրիմներուն:
Երեկոյեան, առաջնորդին ի պատիւ կազմակերպուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն ներկայ եղան եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրը, Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեան, հոգաբարձական կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհիին, շրջանի երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ շրջանին մէջ գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ: Այս առիթով հնչած բարի գալուստի խօսքերէն ետք, սրբազանը արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ բարի մաղթանքներ յղեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն, մօտէն ծանօթացաւ ներկաներուն եւ տեղեկութիւններ քաղեց Ֆրեզնոյի հայութեան եւ հայկական կեանքին մասին:
Կիրակի օր, սրբազանը տեղւոյն ՀՄԸՄի սկաուտներու առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, պատարագեց եւ քարոզեց Աստուածամօր նուիրուած տօնի իններորդ օրուան առիթով՝ դիտել տալով, որ այս տօնը գեղեցիկ եւ պերճախօս արտայայտութիւնն է երկինքին կողմէ Ս. Կոյս Մարիամին շնորհուած Աստուածամայր ըլլալու պատիւին, ապա տօնը արժեւորեց իբրեւ ազգային հոգեւոր աւանդութիւն, որ դարերէ ի վեր Հայ եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուի: Առաջնորդը յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Աստուածամօր նուիրուած հայ ժողովուրդի դարաւոր սէրը եւ յարգանքը նաեւ գալիք ժամանակներուն կը շարունակուին հայ սերունդներու կեանքին մէջ:
Պատարագին ընթացքին, Աշոտ վարդապետը Ֆրեզնոյի համայնքին անունով բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ անոր առաքելութեան մէջ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Ս. խորանին սպասարկեցին նախկին հոգեւոր հովիւ եւ ներկայիս Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ վրդ. Աշըգեան, Սան Ֆրանսիսքոյի հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, շրջանի երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Յետ արարողութեան, առաջնորդին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր համայնքի զաւակներ մօտէն շփուելու առիթը ունեցան իրենց հոգեւոր առաջնորդին հետ: Հոգաբարձութեան անունով հնչեցուցած իր խօսքին մէջ, ատենապետուհի Աբգարեան նշեց, որ շնորհիւ սրբազան հօր հովուական հաղորդականութեան, Ֆրեզնօ իր այս այցելութիւնը եղաւ արդիւնալի, ընդունելութիւնը՝ սիրալիր, ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտը՝ մեծապէս քաջալերական թէ՛ Ֆրեզնոյի եկեղեցւոյ, թէ՛ առաջնորդարանին միջեւ տեղի ունեցաւ կապի աւելի եւս ամրապնդում:
Հուսկ, առաջնորդը գնահատեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքի մեծ եւ փոքր անդամները, ծառայող ձեռքերն ու կամաւոր աշխատանք տանող բոլոր անհատները, պատասխանատուները, նուիրեալները եւ բարերարները, ապա եկեղեցւոյ մաղթեց յարատեւ վերելք, գաղութին՝ բարգաւաճման եւ հզօրացման նոր առիթներ եւ բոլորին բաշխեց հայրական իր ջերմ օրհնութիւնները՝ ըսելով. «Ֆրեզնոյի համայնքը կը հանդիսանայ պատմական ամէնէն առաջին հայ գաղթօճախներէն մէկը Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին, ինչ որ կը նշանակէ, որ այս ափերուն վրայ հայ սերունդները հաւատարմօրէն կը յաջորդեն իրարու՝ նախանձախնդրօրէն բարձր պահելով իրենց փոխանցուած աւանդական արժէքներն ու հոգեւոր եւ ազգային ջահը»:
Յայտնենք, որ նոյն օրը յետմիջօրէին, Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու եւ Աբգարեան ամոլին՝ այցելեց ֆրեզնոյաբնակ Անոյշ Շամլեանի բնակարանը եւ երախտագիտական խօսքեր փոխանցեց ազնուափայլ հայուհիին՝ ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ ազգային բարերար, Քրեսենթա հովիտի մէջ գործող Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի հիմնադիր Վահան Շամլեանի եւ ի պատիւ իրեն՝ տիկին Շամլեանի:
Գնահատելէ ետք Շամլեան զոյգին նուիրուածութիւնը՝ Ազգային առաջնորդարանի ճամբով հայ ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ, սրբազանը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց տիկին Անոյշին՝ Շամլեան վարժարանի յիսնամեակին առիթով, որ կը զուգադիպի յառաջիկայ տարուան եւ երախտագիտական ջերմ զգացումներով անոր մաղթեց արեւշատ բազմաթիւ օրեր: