ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ափրիկէ երկու տասնամեակ կեցութեանս ընթացքին, այնպէս կոչուած մարդակերներու ընկերակցութեան մէջ այնքան չեմ սարսափած եւ աւելի հանգիստ գոյակցած եմ անոնց հետ քան այն ինչ որ այս պահուս կը զգամ` նախկին նախագահ ու հանրապետական ներկայ թեկնածու ՝ Տանըլտ Թրամփի ամէն ազգի ու ամէն գոյնի երկրպագուներու ներկայութեամբ, անոնց յարձակումներուն ու առցանց գործածած բառամթերքին դիմաց: Տակաւին, երբ կը վերյիշեմ նախորդ ընտրութիւններուն հանրապետական խուժանին արիւնալի, կատաղած յարձակումը Ներկայացուցիչներու տան վրայ… Այո՝ կատաղութեան այդ տեսարանը տակաւին սարսափ կ՛ազդէ ամէն սեռի ու տարիքի ամերիկացիներուն:
Կատակը մէկդի… Թրամփին վրիպած մահափորձէն վերջ, քիչ մնաց որ մեր պաշտամունքի առարկայ դարձնէինք ու խորան բարձրացնէինք զինք: Յատկապէս, երբ նկատի առնենք անոր յաջողակ, մեծխօսիկ, ճարպիկ միլիառատէր գործարարի առանձնայատկութիւնները, բան մը որ շատերուն բերանին ջուրը կը վազեցնէ…
Սակայն, քաղաքական տարբեր հակումներ ու դիրքորոշում ունենալս մէկը ատելու ու մեղադրելու, ո՛չ ալ խծբծելու իրաւունք տրուած է մեզի: Հայերս, կը սիրենք իրարու օձիքը քաշկռտել, երբեմն պարապ-սարապ պատճառներով… Հիմա ալ անոնց վրայ եկաւ աւելցաւ հակա-հանրապետական ու գուցէ փրօ-դեմոկրատ ըլլալու արեւելումը: Հարց կու տանք՝ ինչո՛ւ զիրար կը նախատենք ու կ՛այպանենք մեր քաղաքական նախասիրութիւններուն համար: Փաստուած է եւ պէտք չէ մեր կողմէ մոռացութեան տրուի այն իրողութիւնը, թէ ոչ կատարեալ նախագահական թեկնածու գոյութիւն ունի, ոչ կուսակցական պլոք (հատուած ) եւ ոչ ալ անհատ: Բոլորիս առաջնահերթ, երկնատուր պարտականութիւնն է ծառայել ժողովուրդին, ծառայել մարդկութեան ու մեր համայնքներուն, ամրապնդել երկրին ու պետութեան գոյութիւնը ու դիմադրել ներքին ու արտաքին վտանգները: Այո՛, ոչ մէկ քաղաքական հոսանք կամ ղեկավար, պարզ ժամանցի ու զբօսանքի համար, չի կրեր երկրի մը նախագահի ու ղեկավարի պաշտօններու ծանր բեռը: Եթէ անշուշտ անոնց ետին չըլլան թաքնուած շիլ հաշիւներ ու յետին նպատակներ, կամ ալ զուտ նիւթական ու տնտեսական միտումներ:
Տիրել ու ղեկավարել, ամէն խելահաս անհատի հասկացողութեան մէջ կը նշանակէ՝ ժողովուրդին ու հասարակութեան ծառայել ու վերջ…
Ասկից քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարը: Այդպիսի դղրդալից, մեծամաշտաբ ու խանդավառ հաւաքոյթի չէի ականատես եղած, ամերիկեան քառասնամեայ կեցութեանս ընթացքին… Աստուած իմ, այս ի՜նչ անթերի կազմակերպութիւն էր, որու ընթացքին խօսք առին դեմոկրատ հին ու նոր ղեկավարներ ու նախկին նախագահներ ու անոնց կողակիցները, եւ տակաւին անհամար կուսակցական ամէն տարիքի ու սեռի պաշտօնական անձիք: Մեծամասնութեան ձայնով, փոխնախագահ Քամալա Հերիս պաշտօնապէս կուսակցութեան նախագահութեան թեկնածու ընտրուեցաւ ու Թիմ Վալզ՝ փոխնախագահութեան: Ժողովականներուն եւ նորընտիրներու հարազատներուն խանդավառութիւնը տեղ մը չկար…
Քամալան, կամ իմ մկրտութեամբ՝ ֆրանսական քաղցրաւենիք՝ քարամելը, գերող իր ժպիտով ու վարակիչ խանդավառութեամբ, բեմին վրայէն կ’իշխէր ոչ միայն ներկաներուն՝ այլ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին վրայ, որ կը հետեւէր դեմոկրատներուն սարքած քաղաքական տօնահանդէսին:
Այսքանը՝ դրական հանգամանք ունէր ու շինիչ անդրադարձ: Եկուր տես որ տիրող խանդավառութիւնը լրումին չհասած, նախագահութեան երրորդ թեկնածու՝ Ռ․Ֆ․ Քենետին, իր մէկ անտեղի յայտարարութեամբ, պաղ ջուր լեցուց ապագայի հանդէպ մեր տածած լաւատեսութեան վրայ: Նախագահական ընտրապայքարէն իր հրաժարականը յայտարարելու կողքին, ամէնէն խոցելին ու անսպասելին, հանրապետական թեկնածու Թրամփին նեցուկ կենալը ու անոր կողքին կանգնիլն էր, ինքը՝ որ ողն ու ծուծով դեմոկրատ՝ ողբացեալ Ճան Քենետիին եղբօր որդին է:
Չես գիտեր, իր այդ զազրելի շրջադարձը ու դաւաճանական արարքը գործադրեց դեմոկրատներէն ու լիպէրալներէն (ազատականներէն) իր կրած հիասթափութիւնը ցոլացնելո՞ւ, թէ բոլորովին տարբեր հաշիւներէ թելադրուած: Անոր յայտարա-րութիւններէն ակնյայտ էր գալիքը: Այս երկուքը, տակաւին երեկ, իրարու դէմ լուտանքներ կ՛արձակէին ու լկտի ածականներով իրարու կը քննադատէին, իսկ հիմա՜… Մէկ բան յստակ է, թէ անոր տարաբախտ հայրը, իր գերեզմանին մէջ շուռ եկաւ իր զաւկին զազրելի, ամօթալի այդ քայլէն:
Ու հազիւ Քամալան իր ճառը աւարտելով բեմէն վար իջաւ, անոր բարձրաձայնած խոստումները լսելէ ետք, Թրամփին հետեւորդները սկսան իրենց բամբասանքի արշաւը, թէ ինչո՜ւ օրիորդիկը իր պաշտօնի վրայ եղած շրջանին չիրագործեց այդ խոստումները եւ, «ուր էիր Աստուա՜ծ…», սկսան հագներգել ամէն դասու հանրապետականները: Ականջը խօսի մեր սիրելի Փամպուքճեանին…
Սակայն անոնք իրենց աճապարանքին մէջ մոռացութեան տուին մէկ բան, թէ ներկայ իշխանութիւններու յառաջ քշած, անոնց քուէարկութեան դրած գրեթէ բոլոր առաջարկ-բարեփոխումները, ընդդիմադրութեան ՝ այս պարագային՝ հանրապետականներու վէթոյին (արգելքին) արժանացան: Սոյն իրողութեան չանդրադառնալը, անտեսել կը նշանակէ գոռացող ճշմարտութիւնը:
Նորանշանակ Քամալան, ընտրուելու պարագային, պիտի փորձէ բարեփոխել ներկայիս տիրող նիհիլիստական (ոչնչական) դրոյթը: Յուսանք ընդդիմադրութիւնը զէնքերը վար դնելով կը գործակցի անոր հետ, ի շահ սղաճէն տառապող դասակարգերու բարօրութեան: Թերեւս իգական սեռին պատկանող նախագահուհին կը յաջողի փոխել արմատացած այդ մտայնութիւնը ու ինչպէս բարձրաձայն խոստացաւ ան՝ «դառնալու բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը եւ ոչ թէ անոր մէկ հատուածին»:
Յուսանք ու աղօթենք:
Չուզողին աչքը ելլէ…
8/27/2024
Ռիչմընտ, Վըրճինիա