Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի Հինգշաբթի օր, 12 տարիներու ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այցելութեամբ՝ Թուրքիա հասաւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Անգարայի օդակայանին մէջ Եգիպտոսի նախագահը դիմաւորեցին Թուրքիոյ նախագահը եւ այլ պաշտօնատարներ:
Սիսի յայտնեց, որ Թուրքիա իր այցելութիւնը, եւ անոր նախորդած՝ Էրտողանի Եգիպտոս այցելութիւնը, «կ՛արտացոլեն բարեկամութեան եւ գործակցութեան նոր շրջան մը սկսելու կամքը»:
Սիսի եւ Էրտողան նախագահեցին երկու երկիրներուն միջեւ Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի առաջին նիստին, որմէ ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Եգիպտոսի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ կը գործակցինք եւ կը շարունակենք յարաբերութիւնները ամրապնդել: Մեր քննարկումներուն ընթացքին արծարծեցինք շրջանի հարցերը եւ անոնց լուծումները, նախ եւ առաջ Կազայի մէջ կացութիւնը»: Էրտողան շեշտեց, որ հիմա առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ ջարդերը դադրեցնելը եւ զինադադար հաստատելն է:
«Կոչ կ՛ուղղենք Կազայի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու եւ կը մերժենք Արեւմտեան Ափին մէջ իսրայէլեան բռնարարքները», իր կարգին յայտնեց Սիսի՝ աւելցնելով. «Քննարկեցինք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ յայտնեցինք, որ անհրաժեշտ է տագնապին լուծման հասնիլ, եւ ողջունեցինք թուրք-սուրիական մերձեցումը»:
ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱՍԱՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԳԾՈՎ ՏԱԿԱՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՉԷ ՏՐՈՒԱԾ
Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ 11 տարիներու ընթացքին առաջին հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն ցարդ հանդիպումի ժամանակացոյցին գծով վերջնական որոշում չէ տրուած։ Նախքան վեհաժողովը, բանակցութիւններ կ՛ակնկալուին գաղտնի սպասարկութիւններու, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, յայտնեց Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելլիք: