
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Ճէյ. Մայքըլ Յակոբեանի՝ Strangers in a Promised Land («Օտարականներ Աւետեաց Երկրի Մը Մէջ») վաւերագրական ֆիլմին վերամշակուած օրինակին ցուցադրութիւնը։
1982ին արտադրուած ֆիլմը կը պատմէ Ֆրեզնօ հաստատուած առաջին հայերուն եւ անոնց նախորդած սերունդներուն փորձառութիւնը, կարգ մը ընտանիքներու պատմութիւններուն ընդմէջէն։ Ֆիլմին պատմողը Քալիֆորնիոյ նախորդ նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանն է։
Ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքին «Էլիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (5245 N. Backer Ave.). ծրագրուած է ընդունելութիւն մը՝ երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ։
Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում մը, առաջնորդութեամբ՝ Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ մասնակցութեամբ Քարլա Տէր Կարապետեանի եւ այլ հիւրերու։
Ցուցադրութեան կարելի է հետեւիլ նաեւ կայքէջին վրայ։