«Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մայքըլ Էրիք Քորիլա Կիրակի օր այցելեց Իսրայէլ եւ հանդիպում ունեցաւ սպայակոյտի պետ զօր. Հերցի Հալեւիի հետ` կացութեան գնահատում կատարելու համար: Զօրավարին այցելութիւնը կը վերաբերի սպառնալիքներուն, այս անգամ կեդրոնանալով Լիբանանի հետ հիւսիսային ճակատին եւ Իրանի վրայ: Զօրավարը իսրայէլեան բանակի հիւսիսային շրջանի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ուրի Կորտինի հետ այցելեց բանակին հիւսիսային շրջանի հրամանատարական կեդրոնը, կատարեց կացութեան գնահատումը, եւ անոր ներկայացուեցան Լիբանանի մէջ բանակի գործողութիւններուն ծրագիրները», գրութեան մը մէջ յայտնէ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի:
«ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ ՀԱՍԱՒ ՇԱՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՄԸ». ԼԱՒՐՈՎ
«Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ճակատումը հասաւ շատ վտանգաւոր մակարդակի մը, եւ Միջին Արեւելքը անգամ մը եւս հասաւ շրջանային մեծ պատերազմի մը եզրին», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա բոլոր կողմերուն հետ աշխատանք կը տանի անկէ խուսափելու համար:
Լաւրով Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն եւ Ռուսիոյ միջեւ նախարարական մակարդակով ռազմավարական երկխօսութեան նիստին ընթացքին նաեւ ըսաւ հետեւեալը. «Միջազգային ընտանիքին՝ Կազայի մէջ պատերազմը եւ անոր բնակչութեան հաւաքական մահը դադրեցնելու անկարողութիւնը շրջանի բոլոր մասերուն մէջ, Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանէն մինչեւ Կարմիր ծով, զինուորական ու քաղաքական կացութեան սուր վատթարացման յանգեցուց: Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումը անկարելի է առանց պաղեստինեան դատը լուծելու: Պաղեստինցիներուն դէմ ներկայ բռնութիւնը աննախադէպ է, եւ զայն արաբ-իսրայէլեան պատերազմներէն որեւէ մէկուն մէջ չենք տեսած»: