
Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ հետախուզութեան ծառայութիւններու՝ CIA-ի եւ MI6-ի ղեկավարները՝ Ուիլեըմ Պըրնզ եւ Ռիչըրտ Մուր Financial Times-ի մէջ միացեալ հրապարակեցին յօդուած մը, որուն մէջ անոնք կը շեշտեն հետեւեալը. «Կասկած չկայ, թէ միջազգային աշխարհակարգը՝ հաւասարակշռուած համակարգը, որ մոլորակը հասցուց յարաբերական խաղաղութեան ու կայունութեան, նոյն ատեն բարձրացուց կենսամակարդակը՝ ստեղծելով նոր հնարաւորութիւններ եւ հիմք դնելով բարգաւաճման, այժմ այնպիսի վտանգի մը տակ է, որ Պաղ Պատերազմէն ի վեր չէր եղած»։
Անոնք կը նշեն, թէ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն աշխուժօրէն կը համագործակցին՝ Մոսկուայի դէմ միասնական ճակատ մը կազմելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել Ռուսիոյ յարձակողապաշտ մղումներուն եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի սանձազերծած Ուքրանիան նուաճելու պատերազմին։
Անոնք նաեւ յոյժ կարեւոր կը նկատեն Միջին Արեւելքի մէջ բախումները եւ լարուածութիւնը նուազեցնելու ջանքերը եւ իրենց աշխատանքները կը կեդրոնացնեն նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ՝ մանաւանդ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան վերածնունդը կանխելու համար։