Հայաստան կ՛այցելէ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահն է:
Ան տեսակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ եւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ։
Ըստ հայկական կողմին` Փաշինեան եւ Օվերչուք քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: Անոնք անդրադարձան նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

Աւելի ուշ, Օվերչուք եւ Գրիգորեան առանձին տեսակցութիւն ունեցան: Քննարկուեցան միջկառավարական յանձնաժողովի 22րդ նիստի արձանագրութեան պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ համագործակցութեան առանցքային հարցեր:
Առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու, երթեւեկի հաղորդակցութեան, ուժանիւթի եւ կրթութեան ոլորտներու պատասխանատու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները իրենց կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցեցին փոխվարչապետներուն:
Հանդիպումին սկիզբը միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահները հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու դրական կշռոյթը:
«Վստահ եմ, որ այսօրուայ հանդիպման ընթացքում մենք կը մշակենք գործնական համատեղ քայլեր, որոնց իրականացումը կ՛ապահովի մեր երկրների միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդումը», յայտնեց Գրիգորեան:
Օվերչուք շնորհակալութիւն յայտնեց հայ գործընկերներուն՝ Ռուսիոյ պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած աւանդական հիւրընկալութեան, կառուցողական տրամադրուածութեան եւ բարեկամական միջավայրին համար:
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահները պայմանաւորուեցան յառաջիկային յանձնաժողովի հերթական նիստ գումարել Ռուսիոյ մէջ: