6էն 10 Սեպտեմբերին, Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ/IUSY) ղեկավարներու ժողովը եւ Երիտասարդ ընկերվար դեմոկրատական խորհրդարանականներու ֆորումը, որոնց մասնակցեցաւ ԸԵՄՄի փոխնախագահ, ՀՅԴի անդամ Սարինէ Աբրահամեան:
ԸԵՄՄի ղեկավարներու ժողովի առանցքային օրակարգը 2025ի գործունէութեան ծրագիրի քննարկումն էր: Սարինէ Աբրահամեան իր զեկոյցին մէջ ներկայացուց Հայաստանի այսօրուան արտաքին մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումը եւ ուժի սպառնալիքի տակ զիջումներու անօրէն պահանջները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին, մասնաւորապէս` ընդդիմադիր ուժերու եւ անհատներու նկատմամբ իշխանութեան քաղաքական հետապնդումներուն եւ ոստիկանութեան կողմէ բիրտ ուժի կիրարկման:
Ծաւալուն քննարկման արժանացան Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29խորհրդաժողովը եւ անոր գծով առնելի քայլերը։ Աբրահամեան յիշեցուց Ատրպէյճանի՝ Արցախի մէջ գործադրած ցեղային զտումի, Արցախի մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցերը: Ան տեղեկացուց նաեւ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումին, շրջակայ միջավայրը աղտոտելուն, բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան պակասին մասին:
Ֆորումի ծիրին մէջ, Աբրահամեան հանդիպումներ ունեցաւ Մարոքէն, Քոլոմպիայէն եւ Քափօ Վերտէէն եկած պատգամաւորներուն հետ` վերջիններուս հետ քննարկելով Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերը:
Ներկայացնելով վերոնշեալ հարցերը` Աբրահամեան շեշտեց Արցախի ղեկավարները եւ բոլոր ռազմագերիները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն` իրենց կառավարութիւններէն պահանջելու` դատապարտել Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը եւ պահանջել Ատրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները:
Պատգամաւորները տեղեկացուցին, որ տակաւին պաշտօնապէս յայտարարուած չէ իրենց երկիրներուն մասնակցութեան ձեւաչափը, սակայն խոստացան հետեւիլ իրադարձութիւններուն եւ հարցեր ուղղել իրենց կառավարութիւններուն` Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ին վերաբերեալ: