Պոսթընի մէջ, հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ Ատրպէյճանի պաշտօնատարները Արցախի վրայ յարձակումին համար հաշուետուութեան ենթարկելու ջանքերը, տեղահանուած արցախահայութեան կարիքները եւ հայ քաղաքական բանտարկեալներու բանտարկութեան հարցը քննարկելու ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Էտ Մարքի յայտնեց հետեւեալը. «Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճան մեծապէս կախեալ է քարիւղի պետական արտադրութիւններէն եւ անոր մարդկային իրաւունքներու վիճակը շատ վատ է, մեծապէս անհանգստացած եմ ՔՈՓ29-ի հիւրընկալութիւնը Ատրպէյճանին յանձնելու որոշումէն: Փոխանակ պարգեւատրուելու մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնքները շարունակաբար խախտելուն եւ շարունակուող յարձակումներուն ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անմեղ բնակիչներ տեղահանելու, հայ բանտարկեալները անօրինաբար պահելու համար, Ատրպէյճան պէտք է նախ եւ առաջ սրբագրէ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները եւ քարիւղէն ու կազէն հրաժարելու գիտական կարիքին իսկական յանձնառութիւն ցոյց տայ, եւ ոչ թէ երկու ճակատներուն վրայ իր վատ արարքները սաստկացնէ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.