ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Աղմո՛ւկ բարձրացնենք…
Աղմուկ բարձրացնել, երբ կարիքը կայ, երբ հա՛րկն է՝ առաւել քան հարկաւոր:
Սակայն մտածենք, թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ ձեւով, ի՞նչ մաշտապով եւ որո՞ւ եւ կամ որո՞նց ուղղել մեր «կանչ»ը, ինչպէ՞ս բարձրացնել մեր աղմուկը:
Յաճախ մեր մտահոգութիւնները լուծումի մը հասցնելու համար, յիշել եւ յիշեցնել պէտք է, սակայն «ձայն բարբառոյ յանապատի» դասական ասոյթէն անդին հասցնելով եւ ամէն գնով գործնականի վերածելով զայն:
Սփիւռքի տարածքին, իւրաքանչիւր ազգասէր հայ անհատի մտապատկերի զանազան մտահոգութիւններէն գլխաւորը՝ հայապահպանումն է, որ գլխաւորաբար ծնունդ պէտք է առնէ տունէն, շրջապատէն, համայնքէն, որպէսզի հետագային, հիմնաւորուելով ամրապնդուի, իր բարւոք լուծման հասնելու՝ հայ դպրոցէն ներս եւ յատկապէս նուիրեալ հայ ուսուցիչի, հայ մանկավարժի, թէ հայ դաստիարակի շունչի ներքոյ․ ի դէպ այս ընթացքը շաղախել, սրբազան առաքելութեան նուիրուած ուխտեալի շունչով եւ հաւատքով, որ ոչ միայն միտքը, այլ հոգին տառապի պահպանելու ազգայինը եւ ինչպէս անցեալին մասամբ, սակայն այսօր, նոյն ցաւը բառեր ստացած կ՛աղաղակէ, թէ․ «Ո՞վ պիտի գայ մեզմէ վերջ, վերջապէս ո՞վ է յաջորդ ուխտեալը, նուիրեալը, յաջորդ հայ ուսուցիչը»…:
Մինչ օրս, անպաշտօն թէ պաշտօնապէս յղուած այս հարցին, ոչ մէկ պատկերացում կայ կարծէք մեր չորս բոլորը… ոչ մէկ յստակ պատասխան հրատարակուած է… ինչո՞ւ եւ ինչո՞ւներու շարան մը… վերջապէս զարմանալի ըլլալէ անդին մտահոգիչ եւ առաւել իսկ ցաւոտ է, որովհետեւ երբ կը սոսկանք գալիք ձուլումի եւ կորուստի վտանգը տեսնելով՝ ուրեմն առաւել քան արժէ մտահոգուիլ այս հարցով:
Կրթութիւնը եւ յատկապէս հայեցի կրթութիւնը՝ մեր ազգային մտահոգութիւններէն եւ յենարաններէն մէկն է, յատկապէս օտարամոլութեան վտանգի ենթարկուող Սփիւռքի տարածքին:
Կը հաւատանք, որ դասական Սփիւռքէն հեռու, հեռաւոր ափերուն վրայ հասակ առնող մանուկը, պատանին եւ կամ երիտասարդը, հայօրէն յղկուելու եւ իր կարգին, նոր «հայեր» արտադրելու պարտաւորութեան ծիրին մէջ է ու կը մնայ:
Այսօր, աշխարհով մէկ, արհեստագիտական եւ մասնագիտական դաշտը բազմապատկուած է եւ օր ըստ օրէ կը բազմանայ զանազան երանգներով եւ ուղղութիւններով, սակայն «հայեցին» ու «հայկական»ը, հայ ուսուցիչին ուսերուն վրայ, տակաւ ծանրացած բեռ մը ըլլալով հանդերձ, կը թեթեւանայ միայն այն ատեն, երբ նորերը պատրաստելու եւ արտադրելու նուազագոյն յոյսն իսկ ունենայ, զանոնք «հրամցնել»ով, նոյն նպատակին համար մաքառող համայն հայ համայնքին:
Որքա՜ն ուրախալի եւ հպարտալի է մե՛զ բոլորիս համար, երբ որպէս ազգային ու հայրենական մեր հողէն հեռու ծնած եւ ապրած սփիւռքահայ անհատներ՝ ոչ միայն հայկական ոգիով, այլ նաեւ հայերէնով ծաղկելով եւ հայկականութեամբ լեցուած, մեր կարգին կը փորձենք զայն փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:
Այսօր, գաղտնիք մը չէ երբեք, թէ մինչ օրս, Սփիւռքի գլխաւոր յենարաններէն ու ապաւէններէն մէկը եղած են ու կը մնան՝ հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը, հայ դաստիարակն ու անոր հաւատացող հայ ծնողքը:
Գիտե՛նք եւ քաջ գիտե՛նք, թէ «ոչ մէկ բան» կ՛ապահովէ մե՛ր, հայուն ապագան, եթէ «հին»երը չկրկնուին եւ կամ «նոր»երը չհասնին:
Ի՞նչ կը սպասենք ուրեմն, Սփիւռքի մէջ ծնունդ առած, կազմակերպուած եւ գոյատեւած՝ յարգանքի արժանի հայ գաղութներէն եւ ղեկավարներէն՝ ո՛չ միայն խորհեցէ՛ք «տուեալ» հարցին մասին, այլ մտահոգուեցէ՛ք եւ ծրագիր մշակելով գործի լծուեցէ՛ք:
Այո՛, թէեւ դժուար, սակայն եւ հոգեկան բաւարարութիւն ներշնչող ազգային «Մեծ Գործ»ը կը դիւրանայ, երբ հեռանկարը մօտեցնենք եւ շօշափելի դարձնելով գործնականացնենք զայն, որպէս անմիջական եւ անհրաժեշտ՝ իրագործելի մեծ ծրագիր մը:
Մե՛նք, բոլորս ամենուրէք, լսելի թէ անլսելի, յաճախ աղմուկ կը բարձրացնենք միաձայնութեամբ, թէ ինչպէս օտար ափերու մէջ կայք հաստատած սփիւռքահայ աշակերտը այսօր անմիջական կարիքն ունի՝ նորածիլ եւ նորարձակ հայոց լեզուի ուսուցիչներու նոր փաղանգի մը:
Ի դէպ, Սփիւռքը ընդմիշտ իր ըսելիքն ու ընելիքը ունէր եւ ունի, երէկ եւ այսօր, սակայն բաւարար չէ յենիլ միայն Սփիւռքի փայլուն եւ երբեմնի «անկրկնելի անհատներուն» վրայ: Հա՛րկ է տեղական մաշտապով եւ ուժերով նախապատրաստել աշակերտներ եւ երիտասարդներ, ուղղելով զանոնք՝ հայոց լեզուի ուսուցիչ-դաստիարակ դառնալու արժանիքին ու պատիւին տիրանալու փափաքին ու կամքին, ի հարկին, ապահովելով նիւթաբարոյական յարմարաւէտ պայմաններ… Անկարելի եւ կամ երազային տեսութիւն մը չէ այս, այլ սոսկ անմիջական իրականանալի ծրագիր մը ըլլալու յաւակնութիւնը ունի, որուն պէ՛տք է հաւատալ, յուսալ, ջանալ եւ իրականացնել:
Սփիւռքահայութեան գոյատեւման աւիշն ու աւիւնը կը բազմապատկուին՝ Հայ ուսուցիչի կենսատու գոյութեամբ եւ պահպանումով:
Առ այդ,
ձե՛զ կը հայցե՛նք, եւ առաւել հարց կու տանք՝
Դո՛ւք, մեծարգոներ, մեր բարձրացուցած աղմուկը՝ կը լսէ՞ք, ըսէ՛ք, կը լսէ՞ք արդեօք..:
Փառք արժանաւորաց: