ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

2024ի Օգոստոսին հրատարակուեցաւ «Բժիշկին Է. Խօսքը» գիրքս եւ անոր լոյս աշխարհ գալը հայ մամուլին մէջ յիշատակուեցաւ նոյն ամսուն մէջ:
«Բժիշկին Է. Խօսքը» հատորը կազմուած է եօթը գլուխներէ: Վեցերորդ գլուխին մէջ արձանագրուած են հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը 43 երախտաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու եւ գիտնականներու հետաքրքրական կենսագրութիւնները: Այս երախտաւորներէն մէկն էր բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանը: Գրած էի իր մասին 10 Նոյեմբեր 2023ին, երբ արդէն ան կը ծառայէր անկողնի եւ կը տառապէր տարեցութեան ախտանշաններէն եւ վատթարացած առողջութենէն:
Գրած էի բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մասին կենսագրական հետեւեալ ամփոփ գրութիւնը.
«Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ծնած է 27 Հոկտեմբեր 1937ին, Մուսա Լեռ: Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններուն:
Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն:
1956-1959ին յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ ստացած է B.A. վկայականը:
1959-1963ին բժշկութիւն ուսանած է նոյն համալսարանի Բժշկական դպրոցէն վկայուած է:
1963-1966ին նոյն հաստատութեան մէջ մասնագիտացած է մանկաբուժութեան մարզին մէջ:
1966-1968ին ուսանած է Ամերիկայի Պալթիմուր քաղաքի Johns Hopkins համալսարանին մէջ եւ ստացած է MS in Biology վկայականը:
Պոսթընի Harvard համալսարանին մէջ խորացուցած է իր մասնագիտութիւնը մանկաբուժութեան մէջ, իսկ Johns Hopkins համալսարանին մէջ մասնագիտացած է ծինաբանութեան (Genetics) եւ ժառանգական հիւանդութիւններու մարզին մէջ:
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ամուսնացած է 21 Յունիս 1970ին, Լենա Սէթեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու դուստրերով՝ Սարին-Վանիա եւ Տարիա:
1968էն 1986 պաշտօնավարած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իբրեւ մասնագէտ մանկաբոյժ եւ ծինաբան:
1981ին, իր ջանքերով Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ հիմնուած է մարդկային ծինաբանութեան բաժանմունքը. եղած է անոր տնօրէնը մինչեւ 1986:
1986ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ: Իբրեւ փրոֆէսոր դասաւանդած է McGill համալսարանին մէջ. Montreal Children՛s Hospital-ի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը եղած է:
Գրած է երեք մասնագիտական հատորներ, որոնք հրատարակուած են Oxford, Churchill-Livingstone եւ Springer Verlag հրատարակչատուներուն կողմէ. Genetic Diseases of the Skin, 1979, The Kidney in Genetic Disease, 1986, Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat, 1991:

Ան գրած է նաեւ 16 գլուխներ գիտական գիրքերու մէջ եւ 158 ուսումնասիրական յօդուածներ զանազան միջազգային բժշկական մասնագիտական թերթերու մէջ:
Հրաւիրուած է տասնեակ մը միջազգային բժշկական համագումարներու, իր մասնակցութիւնը բերած է մասնագիտական դասախօսութիւններով:
Զանազան երկիրներու առողջապահական մարմիններու հրաւէրներուն դրական պատասխանած է եւ իր մասնագիտական խորհուրդները փոխանցած է բոլորին:
Իր մասնակցութիւնը բերած է, իբրեւ մասնագէտ մանկաբոյժ եւ ծինաբան՝ ՄԱԿի առողջապահական-բժշկական յանձնախումբերու ծրագիրներուն եւ համագումարներուն եւ տուած է դասախօսութիւններ:
McGill համալսարանի Emeritus Professor տիտղոսին արժանացած է:
Անդամակցած է բժշկական համաշխարհային զանազան կազմակերպութիւններու եւ արժանացած է շարք մը շքանշաններու, որոնցմէ յիշատակելի են՝
1. Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Շրջանաւարտից միութեան «Ոսկեայ Մետալ», 2007ին:
2. Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշան, 2008ին: Անոր պարգեւատրման օրը պարգեւատրուեցաւ նաեւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:
3. ՄՏԿԿ «Իշխան» շքանշան, 2010ին:
4. Albert Nelson Marquis Lifetime Achievement Award, 2018ին:
Ազգային կեանքի մէջ, այլ պատասխանատուութիւններու կարգին, եղած է անդամ եւ ատենապետ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, անդամ ՄՏԿ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ ատենապետ՝ երեք Ազգային Ընդհանուր ժողովներու:
Անձնապէս ճանչցած ենք բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանը մեր ուսանողութեան տարիներուն, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Եղած ենք գործակիցներ, մտերիմ ընկերներ: Գործած ենք միասնաբար Համազգայինի, Լիբանանի Հայոց թեմի եւ ՄՏԿԿ զանազան մարմիններու մէջ:
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան սիրայօժար կատարեց մեր «Բժիշկին Խօսքը» շարքին առաջին չորս հատորներուն լեզուական եւ գիտական-բժշկական սրբագրութիւնները ու բերաւ իր օժանդակութիւնը անոնց խմբագրական աշխատանքին: Ան գրեց նաեւ «Բժիշկին Բ. Խօսքը» հատորին յառաջաբանը:
1971ին, բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան իբրեւ ծինաբան իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր Congenital corneal dystrophy with familial progressive sensorineural deafness ուսումնասիրութեան, որ օրին հրատարակուեցաւ ամերիկեան բժշկական հանրածանօթ պարբերականի մը մէջ: Եղջերիկի ընդոծին թերաճութեան եւ լսողական յառաջընթաց խլութեան միատեղ գոյութիւնը երեք անձերու մօտ մէկ ընտանիքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային բժշկական գրականութեան մէջ յիշատակուեցաւ մեր կողմէ: Հետագային, այս երկու հիւանդագին երեւոյթներու միատեղ գոյութիւնը իբրեւ նոր համախտանիշ՝ syndrome, անուանուեցաւ բժշկական համաշխարհային գրականութեան մէջ «Harboyan Syndrome » հայերէնով՝ «Հարպոյեան Համախտանիշ» անունով:
2012ին բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան սիրայօժար կատարեց «Բժիշկին Բ. Խօսքը» հատորիս ներկայացումը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, շնորհահանդէսի մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Մոնթրէալի Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին կողմէ: Յարգելի գործընկեր բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան հանգամանօրէն ներկայացուց հատորը եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուշագրաւ է իր հայերէն, ինչպէս նաեւ անգլերէնէ հայերէն բառացանկով: Այս բաժինը նշանակութիւն ունի երկու տեսանկիւնէ դիտուած: Նախ՝ ան կը դիւրացնէ օտար բժշկական բառերու ըմբռնումը, օտար լեզուով գրուած յօդուածներու ընթերցումի պարագային: Ու ապա՝ կը ներկայացնէ կարեւոր ճիգ մը, մղուած ՝ բժշկագիտական բառեր մեր մայրենի լեզուով արտայայտելու: Այս ճիգը թէեւ յաճախ դիւրին ու հեզասահ չէ, սակայն կարեւոր է մեր լեզուին որոշ ճկունութիւն տալու, անոր հոլովոյթին ու հարստացման նպաստելու, եւ նորագոյն յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու համար: Բժիշկ Հարպոյեանի աշխատանքը, այս տեսակէտէն հիմնական կեցուածք մը եւ մօտեցում մը կ՛արտայայտէ: Նաեւ՝ գրքի այլազան գլուխներուն մէջ, փոխանակ ընդհանրապէս օտար լեզուով գրուած բժշկական բառեր եւ հիւանդութիւններու անուններ միայն հայերէն տառերով ներկայացնելով բաւարարուելու, բժիշկ Հարպոյեան երբեմն յանդուգն, բայց կարեւոր քայլեր կ՛առնէ զանոնք փոխարինելով հայերէն արմատ ունեցող բառերով: Այս ձեւով ան հիմքը կը դնէ բառամթերքի մը, որ ժամանակի ընթացքին հոլովոյթի ենթարկուելով՝ հետզհետէ կ՛որդեգրուի այլ հեղինակներու եւ ընթերցող ժողովուրդին կողմէ ու կը ճոխացնէ մեր լեզուն, փոխանակ տեղի տալու օտարացման եւ այլասերումի հոսանքներուն:
Սփիւռքահայ մեր ազգային կեանքին մէջ, այլազան կառոյցներու պատասխանատու ու բարձր պաշտօններ վարած ըլլալով, բժիշկ Հարպոյեան իրազեկ է մեր ազգային ընդհանրական մտահոգութիւններուն: Ու նոյնիսկ գիտական եւ բժշկական հարցեր ներկայացնելու իր մօտեցումները դրոշմուած կը տեսնենք ազգային մտահոգութիւններու գիտակցութեամբ եւ անոնց դարման գտնելու ձգտումով»:
Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան անդամ է ՀՅԴի, ուր վարած է կարեւոր պաշտօններ:
Ան դադրած է գործելէ եւ հանգստեան կոչուած է: Ան կ՛ապրի Մոնթրէալ:
Մոնթրէալ, 10 նոյեմբեր 2023»:
Դժբախտաբար, բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան բախտը չունեցաւ տեսնելու «Բժիշկին Է. Խօսքը» գիրքը եւ կարդալու վկայութիւններս իր մասին, որ տեղադրուած էր այս հատորին մէջ:
Յետ մահու «Բժիշկին Է. խօսքը» համեստ աշխատասիրութենէս օրինակ մը մակագրուած կը նուիրեմ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի կողակիցին՝ ազնուափայլ տիկին Լենա Սէթեան-Տէր Գալուստեանին:
Վազգէն Տէր Գալուստեանը եղաւ իմ կեանքի երկարամեայ գործակիցը, անկեղծ բարեկամը եւ սիրելի ընկերը, ու մանաւանդ խորհրդատու հայ ՄԵԾ ՄԱՐԴԸ: Ան եղաւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պաշտպանը, եւ Հայ Դատի գաղափարախօսութեան զինուորագրեալ մէկ համեստ անհատը:
Սիրելի Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան, կեանքիս մնացեալ տարիները պիտի ապրիմ քու յիշատակներով, շարունակ պիտի յիշեմ քու օրինակելի ազնուութիւնը, հայ ազգի եւ Հայ Դատի անխոնջ ծառայութիւնները, կազմակերպուած աշխատելաձեւը, աշխատանքի կարգապահութիւնը, ՄՏԿ կաթողիկոսութեան անսասանութեան պահապանը:
Սիրելի Վազգէ՛ն, երէկ Դիմատետրիս մէջ քեզի նուիրեցի Յասմիկ Պաղտասարեան-Տուլուխանեանի «Տարօնի Օրօրը» եւ քու շատ սիրելի մեծ երաժիշտին՝ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօրը», որպէսզի այս հայաշունչ օրօրներով հանգչէիր խաղաղութեան մէջ: Նուիրեցի նաեւ Արամ Խաչատուրեանի «Գայիանէ պալէէն «Ուզունտարա» պարային երաժշտութիւնը, որպէսզի քու յաւիտենական հանգստավայրիդ մէջ հոգիդ հրճուէր առ յաւէտ, հայկական մաքրամաքուր պարային երաժշտութեամբ:
Սիրելի Վազգէ՛ն, վստահ եմ, որ դուն ալ յետ այսու քու յաւիտենական հանգստավայրէդ պիտի դիտես մեզ եւ հետեւիս մեր քայլերուն, մատնանշես մեր սխալները եւ ուղղես մեզ այնպէս ինչպէս կ՛ուղղէիր քու ողջութեանդ:
Յիշատակն արդարոյց օրհնութեամբ եղիցի:
Մոնթրէալ, 11 Սեպտեմբեր 2024