Երկու տարիներու քննութիւններէ ետք, Վճռաբեկ դատարանը բեկանեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը եւ անոր նախկին երեք ենթակաները արդարացնող որոշումը ու գործը ուղարկեց Փտածութեան դէմ դատարան` նոր քննութեան: Ըստ Վճռաբեկ դատարանի պաշտօնական կայքին` որոշումը տրուեցաւ 12 Սեպտեմբերին:
2008ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններուն գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Քոչարեան արդարացուեցաւ երեք տարի առաջ, առաջին ատեանի դատարանին կողմէ, բայց բողոքարկումներու պատճառով դատավճիռը տակաւին ուժի մէջ չէ մտած։
Քոչարեանը արդարացնելու պատճառը Սահմանադրական դատարանի որոշումն էր, որուն միջոցով հակասահմանադրական նկատուող անոր վերագրուող` սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածը: Գլխաւոր դատախազութիւնը այդ օրերուն յայտարարեց, որ օրէնքը իրեն թոյլ չի տար վերաորակել Քոչարեանի մեղադրանքը: Վերջապէս, Վճռաբեկ դատարանէն խնդրեցին ստուգել, որ օրինակա՞ն է արդեօք 10 անձերու կեանք խլած իրադարձութիւններուն գործով Ռոբերտ Քոչարեանը եւ անոր նախկին երեք ենթակաները արդարացնելու վճիռը, եւ իրաւունք ունի՞ն արդեօք վերաորակել մեղադրանքը:
Վճռաբեկ դատարանը երկու տարիներ քննեց եւ եզրակացուց, որ իսկապէս օրէնքը այդպիսի կարելիութիւն չի տար, Սահմանադրութեան հետ հարց կայ, առ այդ, չորս ամիս առաջ դիմեց Սահմանադրական դատարանին:
4 ամիսներու քննութենէ ետք, բարձր դատարանը որոշեց, որ օրէնքը մէկ կողմէ Սահմանադրութեան չի հակասեր, բայց, միւս կողմէ նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ վերաորակելու մեղադրանքը:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ եթէ նոյնիսկ Քոչարեան մեղաւոր նկատուի, ան պիտի չբանտարկուի` ենթադրեալ յանցանքի վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու հիմքով։ Ամիսներ առաջ, խորհրդարանին մէջ այս մասին յայտարարեց գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան: