ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Պոլսոյ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս տարի՝ 16րդ անգամը ըլլալով յանձնուեցան այս միջազգային մրցանակները, որոնք հաստատուած են համանուն հիմնարկին նախաձեռնութեամբ։
Դահլիճը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ ստեղծուած ոգեւորող մթնոլորտին մէջ, հիմնական պատգամը բռնութեան մերժումն էր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հոգելոյս Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, որ կը գլխաւորէ համանուն հիմնարկը։
Իր ելոյթին մէջ Ռաքել Տինք շեշտեց, որ պէտք է զգօն ըլլալ եւ պէտք է պաշտպանել ո՛չ թէ բռնութիւնը, այլ՝ ապրելու իրաւունքը։
Այս տարուան «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը յանձնուեցաւ Թուրքիայէն՝ «Մոր Չաթը» կիներու ապաստանարաններ ապահովող հիմնարկութեան եւ Սիէրա Լէոնէն՝ Ռուկիաթու Նենեհ Թուրային։ Պարգեւատրեալները կը յատկանշուին կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով ազդու գործունէութեամբ։ Պարգեւատրեալները հանդէս եկան սրտի խօսքերով։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։